Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝ Արցախէն 22 պատանիներ կը հիւրընկալուին Յունաստանի մէջ

19րդ շարունակական տարին ըլլալով, Յունաստան կը գտնուին 12¬15 տարեկան պատանիներ, Արցախի տարբեր քաղաքներէ, որոնք 15օրեայ արձակուրդի շրջան մը պիտի վայելեն Սիրոս կղզիէն ներս։

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, 19րդ տարին է որ կանոնաւորապէս կը գործադրուի տուեալ ծրագիրը։
Այս օրերուն պատանիները կը հիւրասիրուին Փիրէայի Խածիքիրիաքիօ փոքրերու խնամատարական հաստատութեան մօտ, ապա պիտի մեկնին Սիրոս։

ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՓԻՐԷԱՅԻ «ԽԱԾԻՔԻՐԻԱՔԻՕ» ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏ

Ինչպէս ամէն ամառ, Սիրոս¬Էրմուփոլիսի քաղաքապետութեան հրաւէրով, Աթէնք ժամանեցին Արցախէն 22 պատանիներ:
Արդէն շուրջ 450 հոգիէ աւելի կը հաշուէ 19 տարիներէ ի վեր Սիրոս եկող պատանիներու թիւ։ Այս ծրագիրը մեծ յաջողութեան արժանացած է թէ՛ Սիրոսի քաղաքապետական շրջանակներու նուիրումի եւ հաստատակամութեան, թէ՛ Սիրոսի քաղաքացիներու ցուցաբերած անվերապահ աջակցութեան շնորհիւ:
Արցախէն եկած աղջիկներն ու տղաքը 12-15 տարեկանի միջեւ 22 պատանիներ են, որոնք Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ կը բնակին՝ Ստեփանակերտ, Ասկերան, Մարտունի, Մարտակերտ, Հադրութ, Բերձոր, Քաշաթաղ, Քարվաճառ, Շուշի։ Ժպտերես ու համարձակ տղաքը ուրախ են որ առիթը կþունենան այս ձեւով Աթէնքն ու Փիրէան տեսնելու, ապա Սիրոս կղզին։ Պատանիները բազմանդամ կամ հաշմանդամ ընտանիքներու զաւակներ են, զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներ, առաջնակարգ աշակերտներ կամ պարգեւատրուած փոքրիկներ։
Իրենց կ’ընկերանան երկու պատասխանատու ուսուցչուհիներ՝ տիկիններ Լենա Ղազարեան եւ Գայիանէ Սարգսեան։ Երկու ուսուցչուհիները երախտագիտական զգացումներ արտայայտեցին Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի, յունահայ գաղութի եւ «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութեան ու Սիրոսի քաղաքապետութեան շրջանակներու երկար տարիներէ ի վեր ստանձնուած այս օրինակելի նախաձեռնութեան համար։
Պատանիները Աթէնքի օդակայանէն ներս դիմաւորուեցան Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի պատասխանատու ընկերներուն կողմէ ու առաջնորդուեցան Փիրէայի «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութեան մօտ, ուր կը հիւրասիրուին այս օրերուն ընթացքին: Անոնք զուարճացան Աթէնքի եւ Փիրէայի կեդրոններէն ներս շրջագայելով՝ երկյարկանի զբօսաշրջական հանրակառքով, պտոյտներ վայլեցին ծովափը, ինչպէս նաեւ «Ալու ֆան Փարք»։
Շաբաթ գիշեր Փիրէայի «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութենէն ներս, ընթրիքի պահուն, իրենց այցելեց Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը, որ զրուցեց պատասխանատուներուն եւ պատանիներուն հետ, Արցախի մէջ հերոսական պայքարներու օրերուն անդրադառնալով, մանաւանդ որ Սեպտեմբեր 2¬ին կը զուգադիպի ԼՂՀ անկախութեան հռչակման թուականը։ Սրբազան հօր դիմաւորեցին հաստատութեան տնօրէնուհին տիկին Անասթասիա Քալիոնծի, ընկերային ծառայութեան պատասխանատու տիկին Էվա Քալիմնիու, ինչպէս նաեւ հաստատութեան նախագահը եւ այլ հիւրեր։ Պատանիները հայրենասիրական երգերով եւ արտասանութիւններով գեղեցիկ երեկոյ մը հրամցուցին ներկաներուն։
Նշենք, թէ «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութիւնը միշտ մօտիկ եղած է Արցախէն եկած փոքրիկներուն, նուէրներով եւ հոգատարութեամբ։
Պատանիները վաղը կը մեկնին Սիրոս կղզի, ուր կեցութեան ամբողջ շրջանին իրենց պիտի ընկերակցին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատասխանատու ընկեր-ընկերուհիները։

Յաւելեալ նկարներու համար այցելել ԱԶԱՏ ՕՐի կայքը եւ ՖԲի էջը: