Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը դիտել կուտայ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրինագիծի մը ընդունումը՝ ճիշդ եւ արդար քայլ պիտի ըլլայ հելլէն խորհրդարանին ու պետութեան կողմէ
Խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ օրէնքի մը քննարկումը՝ մօտ տարիէ մը ի վեր օրակարգի վրայ է Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ։ Հրապարակային քննարկումներէ եւ լսումներէ ետք, որոշում կայացած էր այս շաբթու սկիզբին քննարկման բերել օրէնքը, խորհրդարանի ամառնային նստաշրջանի օրակարգերու ծիրէն ներս, այսուհանդերձ արդարադատութեան նախարար Խարալամպոս Աթանասիուի որոշումով օրակարգը անգամ մը եւս յետաձգուեցաւ։
Տարակարծութիւններ արտայայտուած են, որ հիմնականօրէն կը վերաբերին խօսքի ազատութեան իրաւունքի սահմանափակման եւ կարգ մը երեսփոխաններ իրենց հակառակութիւնը յայտնած են, յենուելով այս կէտին վրայ։ Անշուշտ, կարելի է հարց տալ, թէ երբ խօսքի ազատութիւնը ատելութիւն սերմանելով կ’արտայայտուի, ի՞նչ ազատութեան մասին կարելի է խօսիլ։ Տարբեր կէտերու հիմամբ տարակարծիք գտնուած է նաեւ եկեղեցին։
Իրարու դէմ կարծիքներու առիթ տուած խնդրայարոյց օրինագիծին մէջ կը պահանջուի անդրադարձ կատարել Հայոց եւ Յոյներու դէմ Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած ցեղասպանութիւններուն, որ ընդունուած են հելլէն խորհրդարանին կողմէ։ Ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէական յանցագործութիւն պէտք է նկատել, ինչպէս նախատեսուած է հրէական Ողջակիզման հերքումի պարագային։
Խորհրդարանի ամառնային նստաշրջանի օրակարգին վրայ բերուած օրինագիծի նոր տարբերակ մը կը փնտռուի կառավարութեան կողմէ, մանաւանդ Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան 38 երեսփոխաններու դիրքաւորումէն ետք (որոնց միացան յաւելեալ 8 անկուսակցական երեսփոխաններ), որոնք յստակօրէն կը պահանջեն խորհրդարանին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւններու ներառումը յիշեալ օրինագիծին մէջ։
Նշենք, թէ նախորդող ամիսներուն ընթացքին, խորհրդարանէն ներս կայացած լսումներուն եւ քննարկումներուն իր մասնակցութիւնը բերած էր Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման պարագային քրէական յանցագործութեան դրոյթի կիրարկումը եւ պարզելով հայութեան դիրքորոշումը։ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շարունակէ իր ճիգերը, շեշտելով նաեւ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրինագիծի մը ընդունումը ճիշդ եւ արդար քայլ պիտի ըլլայ հելլէն խորհրդարանին ու պետութեան կողմէ։ Յաւելեալ՝ հելլէն խորհրդարանի նման կեցուածք, Յունաստանը պիտի դասէ այն երկիրներու շարքին, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէօրէն պատժելի պիտի ըլլայ։
Հանդիպում Սիրիզա-ի երեսփոխան Փ. Քուրուփլիսի հետ
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ ընկերներ Յակոբ Աւագեան եւ Թալին Մարտիկեան անցեալ Ուրբաթ 22 Սեպտեմբերի կէսօրուայ ժամերուն, հանդիպում մը ունեցան Սիրիզա կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ Քուրուփլիսի հետ, իրեն պարզելով հայութեան պահանջքն ու դիրքորոշումները ցեղապաշտութեան դէմ օրինագիծի կապակցութեամբ։
Կառուցողական հանդիպումը արդիւնաբեր էր եւ պրն. Քուրուփլիս ջերմապէս ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ շեշտուած կէտերը։