«ՀՈՐԻԶՈՆ» – Օgոստոս 24֊ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ կայացած հաւաքի մը ընթացքին Գանատայի աշխատանքի, բազմամշակութային հարցերու եւ ընկերային զարգացման նախարար Ճէյսըն Քէնի ներկայ հասարակութեան զեկուցեց Հայաստան կատարած իր վերջին այցելութեան մասին։ Զեկուցական հաւաքը կազմակերպուած էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։
Նախարար Քէնի իր զեկոյցը սկսաւ դէպի Հայաստան իր առաքելութեան նախորդող Լիբանան կատարած այցելութեան զեկոյցով, ուր ան առաջին հերթին դատապարտեց Իսլամական Պետութիւն կոչուող զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան քրիստոնեաներու եւ այլ ազգային֊կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրած բռնարարքները։
Ան յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն, որոնց շարքին Արամ Ա. Վեհափառին հետ քննարկման բովէ անցուցած է Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներու տագնապալի կացութիւնը։
Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ շարունակուող պատերազմին մասին, ան հաստատեց, որ ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան, Գանատան ոչ մէկ ձեւով կը զօրակցի Սուրիոյ ընդդիմադիր հատուածին, որովհետեւ զինեալ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ գոյութիւն ունին մեծ թիւով ծայրայեղ արմատական ահաբեկչական խմբաւորումներ։
Նախարար Քէնի ապա ներկայացուց Հայաստան կատարած իր այցելութեան տարբեր երեսները։ Ան դրական եւ արդիւնաբեր որակեց այդ այցելութիւնը, հաստատելով, որ այցելութեան նպատակը երկու երկիրներու համագործակցութեան ամրապնդման զարկ տալ էր։
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ իր ունեցած աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ յամեցող տագնապները եւ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական իրադրութիւնը։ Նախագահ Սարգսեան յատկապէս շեշտած է Հայաստանի շրջափակման պարագան, որ բացասական ներգործութիւն ունեցած է Հայաստանի տնտեսութեան վրայ։
Ան յայտնեց, որ բարձրաստիճան քաղաքական պաշտօնատարներու կարգին հանդիպում ունեցած է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ, որուն հետ արծարծած է սուրիահայ գաղթականներու հարցը։
Ան յայտնեց, թէ տնտեսական համագործակցութեան բնագաւառին կարելի է յաւելեալ աւիւն ներարկել եւ իբրեւ օրինակ անդրադարձաւ գանատական Տանտի Մեթըլզ ընկերութեան, որ Սիւնիքի մարզին մէջ հանքարդիւնաբերութեամբ կը զբաղի։ Ան յայտնեց, որ ընկերութեան գանատահայ տնօրէնին հսկողութեան տակ, ընկերութիւնը կը գործէ արեւմտեան արդիւնաբերական ընկերութիւններու գործելաձեւի չափանիշներով եւ մեծ թիւով աշխատատեղեր ստեղծած է շրջանի բնակչութեան համար։
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթող իր այցելութեան, ան վերահաստատեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Գանատայի դիրքորոշումը եւ յայտնեց թէ այդ մէկը պետական յստակ քաղաքականութիւն է։ Ան յայտնեց նաեւ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման Հայաստանի մէջ կայանալիք յառաջիկայ տարուան պաշտօնական պետական հանդիսութեան Գանատան ներկայ պիտի ըլլայ պետական բարձրաստիճան պատուիրակութեամբ։
Ան իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ ճիգ պիտի չխնայէ որ իր գոծակից նախարարներուն համոզէ, որպէսզի անոնք իրենց կարգին այցելեն եւ ծանօթանան Հայաստանին։
Նշենք, որ հաւաքի նախօրեակին նախարար Քէնի յատուկ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց զեկուցեց Հայաստան եւ Միջին Արեւելք կատարած իր այցելութեան մանրամասնութիւնները։ Նախարարը ներկայ եղաւ նաեւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Առաջնորդ Սրբազան Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի մատուցած Սուրբ Պատարագին։