Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Marriott Bonvoy ընկերութիւնը ջնջած է դէպի ցեղային զտման ենթարկուած Արցախ իր խնդրայարոյց զբօսաշրջութեան ծրագիրը՝ Հայ Դատին եւ աշխարհասփիւռ իր գործընկերներուն ու դաշնակից կազմակերպութիւններուն գլխաւորած հնգօրեայ միջազգային արշաւէն ետք։
Marriott-ի 14 ժամեայ ծրագիրը ճամբորդներուն տրամադրելի կը դարձնէր առաջնորդուած պտոյտ մը Արցախի տարածքին, ներառեալ՝ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշի եւ Ստեփանակերտ քաղաքները։ Անոր ծանուցումին մէջ ակնարկութիւն չկար ո՛չ Արցախի հազարամեայ պատմութեան՝ իբրեւ հայ քաղաքակրթութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի օրրան եւ ոչ ալ ատրպէյճանական յարձակումին, շրջափակման եւ ցեղային զտման, որոնք պարպեցին Արցախը իր 150,000 բնիկ հայերէն։
Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ վերլուծութիւններու կեդրոնը (CARA) բացայայտեց կացութիւնը Յուլիս 27ին՝ աւանդական եւ ընկերային ցանցերու բազմաթիւ հարթակներու վրայ ահազանգ հնչեցնելով այս շրջապտոյտին գծով։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ Եւրոպայի եւ հայկական Սփիւռքի տարածքին գործող Հայ Դատի իր միջազգային մարմիններուն, դաշնակիցներուն եւ լրատուամիջոցներուն հետ (ներառեալ՝ «Ասպարէզ», 301Arm, «Զարթօնք», Armenia Report») արագօրէն օգտագործեց CARA-ի ահազանգը եւ գլխաւորեց համադրուած արշաւ մը վեց ցամաքամասերուն վրայ՝ հասնելով ծրագրի ջնջումին, նուազ քան հինգ օրուան ընթացքին։

«Marriott-ը իրաւունք չունէր շահ ապահովելու Արցախի ցեղային զտման ենթարկուած հայութեան տառապանքէն, ոչ ալ իրաւունք ունէր պտոյտներ կազմակերպելու, որոնք կը բնականոնացնէին Ատրպէյճանի կողմէ բնիկ ժողովուրդի մը ցեղասպանութիւնը», կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, աւելցնելով․«Քաջալերական էր համաշխարհային արագ արձագանգը, որուն շնորհիւ այս պտոյտը հանուեցաւ հինգ օրուան ընթացքին՝ նուազ քան 120 ժամուան մէջ։ Մենք արթուն պիտի մնանք բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը փորձեն հարստանալ ցեղասպանութեան հաշւոյն»։
Պտոյտը կ՛առաջարկէր այցելել «Ղարաբաղի գօտի» եւ անոր կայաններէն մէկը՝ Արցախի ամենածանօթ յուշարձանը՝ «Տատիկ-Պապիկ»ն էր («Մենք ենք մեր սարերը»)։ CARA-ի վերլուծութիւնը պարզած է, որ հրաւէրի նկարագրութեան մէջ յուշարձանը կը ներկայացուէր միայն իբրեւ «տեղական քարարուեստի եւ ճարտարապետութեան ակնառու նմոյշ»՝ առանց որեւէ տեղ «հայկական» բառը նշելու։ «Այդ լռութիւնը անփութութեան հետեւանք չէ, այլ ծրագրին մէկ մասն է», նշուած էր CARA-ի տեղեկագիրին մէջ։
Անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց տեսակէտները փոխանցել Marriott-ին, կրնան դիմել (786) 321-7264 թիւին կամ գրել [email protected] հասցէին։