Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբին Դատապարտումի Յայտարարութիւնը

Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբը խստագոյնս կը դատապարտէ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ տեղի ունեցած վերջին յարձակումը, որուն ընթացքին վեց կրօնաւոր Իսրայէլցի հրեաներ թքած են Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարի (Sts. James Cathedral) Սուրբ մուտքին վրայ եւ քարեր նետած են հայ բնակիչներու տուներուն ուղղութեամբ։

Այս ծանր միջադէպը կը միանայ Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ ուղղուած ոտնձգութիւններու, ահաբեկման եւ բռնարարքներու շարունակական շարքին։ Այսպիսի կրկնուող յարձակումները կը խորացնեն այն մտահոգութիւնը, թէ անոնց հեղինակները կը գործեն անպատժելիութեան մթնոլորտի մէջ։ Թէեւ այս արարքները չեն ներկայացներ իսրայէլեան հասարակութիւնը իր ամբողջութեամբ, պատասխանատուներուն նկատմամբ հետեւողական օրէնքի կիրարկման եւ դատական հետապնդման բացակայութիւնը կը նպաստէ նման յարձակումներու շարունակութեան։

Մենք կոչ կ՛ընենք Իսրայէլի Պետութեան Նախագահ Պարոն Իցհակ Հերցոկին հրապարակաւ դատապարտելու այս յարձակումը եւ վերահաստատելու Իսրայէլի Պետութեան յանձնառութիւնը՝ որն է պաշտպանել Երուսաղէմի եւ Իսրայէլի բոլոր կրօնական եւ ազգային համայնքներուն անվտանգութիւնը, արժանապատուութիւնն ու հիմնարար իրաւունքները։

Միաժամանակ, մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք Իսրայէլի կառավարութեան եւ օրէնքի կիրարկման պատասխանատու մարմիններուն անհապաղ եւ վճռական քայլեր ձեռնարկելու, կատարելու համապարփակ եւ անաչառ քննութիւն, ապահովելու համար օրէնքի հաւասար կիրարկումը եւ պատասխանատուները բերելու դատարանի առջեւ, որպէսզի անոնք ամբողջովին պատասխանատուութիւն կրեն իրենց արարքներուն համար։

Մենք նաեւ կը դիմենք ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւանց Բարձր Յանձնակատարի Գրասենեակին, Human Rights Watch-ին, Amnesty International-ին, «Պեցելեմ»ին, Իսրայէլի Քաղաքացիական Իրաւունքներու Միութեան, օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն եւ միջազգային հանրութեան՝ մօտէն հետեւելու այս զարգացումներուն, հրապարակաւ արտայայտելու իրենց մտահոգութիւնը եւ գործուն քայլեր ձեռնարկելու՝ պաշտպանելու համար Երուսաղէմի հայ համայնքի իրաւունքները, անվտանգութիւնն ու պատմական ներկայութիւնը։

Երուսաղէմի հայ համայնքի անվտանգութեան, արժանապատուութեան եւ պատմական ներկայութեան պաշտպանութիւնը ո՛չ միայն բարոյական եւ իրաւական պարտաւորութիւն է, այլեւ անհրաժեշտ պայման՝ պահպանելու Երուսաղէմի իւրայատուկ բազմակրօն, բազմամշակութային եւ պատմական բնոյթը՝ որպէս սուրբ քաղաք երեք միաստուածային կրօններուն համար ։

Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբ