Հայ Դատը Կը Սատարէ Քոնկրէսական Մայք Լոլըրի Վերընտրութիւնը

Հայ Դատի Յանձնախումբը իր աջակցութիւնը յայտարարեց Նիւ Եորքի 17-րդ ընտրաշրջանը ներկայացնող հանրապետական քոնկրէսական Մայք Լոլըրի վերընտրութեան, ընդգծելով անոր երկկուսակցական առաջնորդութիւնը, որ նպաստած է Միացեալ Նահանգներու այն քաղաքականութեան, որ կը զօրացնէ Հայաստանի անվտանգութիւնը, պատասխանատուութեան կը կանչէ Ատրպէյճանը եւ կը պաշտպանէ հայ ժողովուրդի իրաւունքները։

Քոնկրէսի իր պաշտօնավարման ընթացքին Լոլըր Հանրապետական կուսակցութեան անդամներուն մէջ կերտած է ամենաուժեղ հայանպաստ գործունէութիւններէն մէկը՝ արժանանալով Հայ Դատի գնահատականին։ Ան, համագործակցելով երկու կուսակցութիւններու անդամներուն հետ, գլխաւորած է Քոնկրէսի նամակներ, պաշտպանած է օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ՝ Ատրպէյճանին ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը սահմանափակելու համար, հակառակած է Թուրքիոյ օգտին նախատեսուած յառաջադէմ սպառազինութեան վաճառքներուն, եւ հետեւողականօրէն պաշտպանած է հայ գերիներու ազատ արձակումը, Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը։

«Քոնկրէսական Մայք Լոլըրը բազմիցս ապացուցած է, որ սկզբունքային առաջնորդութիւնը կուսակցական սահմաններ չի ճանչնար», ըսաւ Հայ Դատի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, աւելցնելով, թէ «Անկախ այն բանէն, թէ խօսքը կը վերաբերի Ազատութեան Աջակցութեան Օրէնքի 907-րդ յօդուածի լիարժէք կիրարկման ուղղուած երկկուսակցական նախաձեռնութիւններուն, Ատրպէյճանին ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը դադրեցնելու օրինագիծերուն, շրջանային կայունութիւնը վտանգող զէնքի վաճառքներուն ընդդիմանալուն, թէ հայ գերիներու եւ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան պաշտպանութեան, Լոլըրը իր համոզումները հետեւողականօրէն վերածած է ազդեցիկ քոնկրեսական գործունէութեան։ Մենք հպարտութեամբ կը պաշտպանենք անոր վերընտրութիւնը»։

Լոլըրի ամենակարեւոր օրէնսդրական նախաձեռնութիւններէն մէկը եղած է երկկուսակցական նամակի առաջնորդումը, ուր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարք Ռուպիոյէն պահանջուած է ամբողջութեամբ գործադրել Ազատութեան Աջակցութեան Օրէնքի 907-րդ յօդուածը՝ վերջ տալով Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օգնութեան։ Նամակը կը մատնանշէ Պաքուի կողմէ Արցախի հայ բնակչութեան ցեղասպանական բնաջնջումը, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու շարունակուող բռնագրաւումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումն ու հայ գերիներու ապօրինի պահումը։ Նախաձեռնութիւնը ստացած է Քոնկրէսի վաթսուն անդամներու աջակցութիւնը եւ վերահաստատած է երկկուսակցական ընդդիմութիւնը՝ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը պարգեւատրելու փորձերուն դէմ։

Լոլըրը նաեւ համահովանաւորած է H.R. 5369 – Ատրպէյճանի Պատժամիջոցներու Վերանայման Օրէնքը, որ ներկայացուած է ներկայացուցիչներ Տինա Թայթըս (Դեմոկրատ՝ Նեւատա) եւ Կաս Պիլիրաքիս (Հանրապետական՝ Ֆլորիտա) կողմէ։ Օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը կը պահանջէ Global Magnitsky պատժամիջոցներու կիրարկումը ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու նկատմամբ՝ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն, ներառեալ հայ գերիներու ապօրինի կալանաւորման համար։ Լոլըրի աջակցութիւնը կը տրուի այն պայմաններուն մէջ, երբ Ատրպէյճանը տակաւին կը պահէ տասնինը հայ գերիներ, որոնցմէ տասնվեցը 2026-ի Փետրուարին կեղծ դատավարութիւններէ ետք դատապարտուած են տասնհինգ տարիէ մինչեւ ցմահ բանտարկութեան։ Amnesty International-ը այդ դատավարութիւնները բնորոշած է որպէս շինծու։

Լոլըրը միայն օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով չէ կանգնած հայ-ամերիկեան համայնքին կողքին։ Այս տարուան սկիզբը ան ելոյթ ունեցաւ Քեփիթոլ Հիլի մէջ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի Ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկին՝ յայտարարելով. «Պատասխանատուութեան չյենած խաղաղութիւնը խաղաղութիւն չէ. ան արտօնութիւն է նոր անարդարութիւններու համար»։ Ան պահանջեց հայ գերիներու անմիջական ազատ արձակումը եւ 907-րդ յօդուածի ամբողջական կիրարկումը՝ զգուշացնելով, որ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան չենթարկելը կրնայ «կրկնել այն նոյն ձախողութիւնները, որոնք անցեալի ոճիրները հնարաւոր դարձուցին»։ Ան նաեւ շարունակած է սերտ կապ պահել Հատսըն հովիտի հայ-ամերիկեան համայնքին հետ՝ մասնակցելով Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միջոցառման։

Հայ Դատը Կը Սատարէ Քոնկրէսական Մայք Լոլըրի Վերընտրութիւնը – Hairenik Weekly Newspaper