Հինգշաբթի 10 Ապրիլ 2025 ին հեռակայ կապով իր նիստը գումարեց Եւրոպացիներ Յանուն Արցախի հարթակը: Նիստին ընթացքին Շուեյցարիոյ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Սարգիս Շահինյանը բացատրեց երկրին խորհրդարանին երկու պալատներուն կողմէ ալ ընդունուած օրէնքին գործընթացը եւ պարունակութեան վերլուծումը: Նկատի ունենալով որ ըստ օրէնքին Շուեյցարիոյ կառավարութիւնը պարտաւոր է առաւելագոյնը մէկ տարուան ընթացքին հրաւիրել ֆորումը քննարկելու համար Արցախի ժողովուրդին վերադարձին հարցը իր պապենական հողերուն վրայ, Շահինեան ներկայացուց հաւանական գործընթացի կարելիութիւնները:
Ապա՝ Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան՝ Գեղամ Ստեփանյան, ներկայացուց Արցախի մեր հայրենակիցներուն վերջին օրերուն ունեցած նախաձեռնութիւններուն մասին, պահանջելով իրենց արդար պահանջներուն գոհացումը ՀՀ Կառավարութենէն, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին Արցախ վերադարձի շուրջ տեղի ունեցող աշխատանքներուն մասին, յատկապէս Արցախի Ազգային Ժողովին կողմէ կազմուած համապատասխան՝ լիազօր Յանձնախումբին կողմէ:
Երկու զեկուցումներէն եւ կատարուած հարցումներուն պատասխաններէն ետք, հարթակի անդամները որոշեցին մօտ յառաջիկային հանդէս գալ համապատասխան նախաձեռնութիւններով իրենց երկիրներէն ներս եւ նաեւ իբրեւ հարթակ: Որոշուեցաւ նաեւ անմիջականօրէն յղել բողոքի նամակ Վատիկանի Գրեգորյան համալսարանին տնօրէնութեան, իրենց կողմէ կազմակերպուած խորհրդաժողովին համար, ուր ջանք թափուած էր բոլորովին անտեսելու հայկական կրօնական ներկայութիւնը Արցախէն ներս: Նաեւ՝ իւրաքանչիւր համայնք իր երկրէն ներս պիտի դիմէ Վատիկանի ներկայացուցչութեան, բողոքելով եւ պահանջելով արդարութեան եւ իրականութեան մասին համապատասխան յայտարարութիւններով:
Եւրոպացիներ Յանուն Արցախի Հարթակ