ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Յարութ Մարկոսեան այցելեց Լիբանանի մէջ Ուրուկուէյի դեսպանատուն, ուր շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ուրուկուէյի դեսպան Քարլոս Կիթթոյին հետ։
Պատուիրակութիւնը իր գնահատանքը յայտեց 20 ապրիլ 1965-ին Ուրուկուէյի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պատմական քայլին համար՝ նշելով, որ անիկա Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին մէջ առաջինն էր եւ ճամբան հարթեց այլ երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման։
Պատուիրակութիւնը նաեւ գնահատեց օրեր առաջ Ուրուկուէյի խորհրդարանին կողմէ Ազրպէյճանին հայ ռազմագերիները անյապաղ ազատ արձակելու կոչ ուղղող յայտարարութեան որդեգրումը։
Հայ դատի պատուիրակութիւնը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, որ հայ ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութենէն մէկ դար ետք՝ 2020-2023 թուականներուն, Արցախի մէջ դարձեալ ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան, եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կեղծ դատավարութեան ու արգելափակման նկատմամբ։
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը հանդիպումին ընթացքին Ուրուկույէի կառավարութեան կոչ ուղղեց՝ Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու ազատ արձակման եւ արցախահայութեան անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձի համար ճնշում բանեցնելու Ազրպէյճանի վրայ։
Դեսպանը անդրադարձաւ հայ-ուրուկուէյական յարաբերութիւններուն եւ գնահատեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին՝ Ուրուկուէյի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 60-ամեակի առիթով դեսպանատուն այցելելու նախաձեռնութիւնը։
Հանդիպումի աւարտին դեսպան Կիթթօ յայտնեց, թէ պատուիրակութեան մտահոգութիւններն ու կոչը պիտի փոխանցէ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան։
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպանին նուիրեց ուրուկուէյցի յայտնի իրաւաբան Օսքար Լոփեզ Կոլտարաքենայի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի լոյս ընծայած «Հայոց Մշակութային Ցեղասպանութիւն» գիրքէն օրինակ մը։