ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Պաքուի Մէջ Պահուող Պատանդներու Եւ Այլ Հարցերով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններու

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ բռնագրաւեալ Արցախի Հանրապետութեան Պաքուի մէջ պահուող եւ ապօրինի ու շինծու դատավարութեան ենթարկուող ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ այլ հայերու հարցով, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր արծարծող նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Եւրոպական Միութեան, Զուիցերիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի Եւ Հնդկաստանի դեսպաններուն:

Ստորեւ նամակը.

«Մեծարգո՛յ դեսպան,

«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը խորապէս մտահոգուած է Պաքուի բանտերուն մէջ շարունակուող եւ անօրինական կերպով պահուող հայ պատանդներու եւ ռազմագերիներու ճակատագիրով, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ իրականացուող կեղծ ու անօրինական դատավարութիւններով: Ասոնք յստակ նախազգուշացում են Արցախի բնիկ հայ բնակիչներուն, որոնք կրնան ցանկալ օգտուիլ միջազգային օրէնքով երաշխաւորուած իրենց վերադարձի իրաւունքէն:

«Հայ պատանդները կ՛ենթարկուին անմարդկային եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունքի, ներառեալ` արգիլուած հոգեմէտ մեթոտներով տանջանքներ: Չեն յարգուիր անոնց իրաւունքները, ներառեալ` անկախ փաստաբաններու, թարգմանիչներու հասանելիութիւնը, բողոքարկման կարելիութիւնը, ընտանիքի այցելութիւններն ու առողջական պատճառներով պատիժի կասեցումը:

«Այս բոլորը կը հանդիսանան Ազրպէյճանի կողմէ ռազմագերիներու նկատմամբ միջազգային պարտաւորութիւններու լուրջ եւ համակարգուած խախտումներ: Մենք ձեզի կոչ կ՛ուղղենք` պահանջելու, որ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդը ստեղծէ փորձագէտներու առաքելութիւն` մանրակրկիտ կերպով հետաքննելու համար ԵԱՀԿ-ի մարդկային հարթութեան իրականացման սպառնացող լուրջ սպառնալիքները, եւ ԵԱՀԿ-ի անդամ այլ պետութիւններու հետ դիմելու դիւանագիտական աշխատանքի` կիրարկելու 1991 թուականի Մոսկուայի Փաստաթուղթի (Մոսկուայի մեքանիզմ) 12-րդ կէտը կամ ԵԱՀԿ-ի այլ յարմար մեքանիզմներ` կալանաւորներու իրաւունքները արդիւնաւէտօրէն պաշտպանելու համար:

«Մենք նաեւ խոր մտահոգութիւն կը յայտնենք Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու գրասենեակներու փակման հրամանի կապակցութեամբ, ինչ որ կը խոչընդոտէ թէ՛ հայ պատանդներու աջակցութիւնը, թէ՛ մարդասիրական վերահսկողութիւնը: Ձեր կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` գործադրելու անհրաժեշտ ճնշում` կեղծ դատավարութիւնները դադարեցնելու եւ պատանդները ազատելու համար:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք` վերսկսելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան աշխատանքները` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ, արդար եւ օրինական լուծման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղենք միջազգային երաշխիքներու, որոնք կ՛ապահովեն հայ տեղահանուածներու անվտանգ վերադարձը իրենց պատմական հայրենիք, որ ներկայիս ենթարկուած է ցեղային զտման:

«Մեծարգո՛յ դեսպան,

«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր անսասան աջակցութիւնը կը յայտարարէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ արդար ու տեւական խաղաղութեան, սակայն ոչ ներկայ, միակողմանի թելադրուած «խաղաղութեան» պայմանագիրին, որ կը սպասէ երկու երկիրներու ստորագրութեան: Անիկա կը հակասէ միջազգային արժեչափերուն ու սկզբունքներուն, ներառեալ հիմնարար այն սկզբունքին, թէ ուժի սպառնալիքով կամ կիրարկումով ձեռք բերուած որեւէ միջազգային համաձայնագիր անվաւեր է: Մասնաւորաբար, անիկա չի համապատասխաներ «ՄԱԿ-ի Վիեննայի հռչակագիրի միջազգային պայմանագիրներու օրէնք»-ին (1969) եւ «Հելսինքիի եզրափակիչ աքթ»-ին (1975)»: