ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կիպրոսի Դեսպանին Ընդգծեց Հայ Պատանդներու Անմիջական Ազատ Արձակման Անհրաժեշտութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Եղիկ Թաշճեան, այսօր այցելեց Կիպրոսի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Մարիա Հաճիթէոտոսիուի հետ։

Պատուիրակութիւնը ողջունեց՝ Եւրոպական խորհրդարանին 13 մարտին ջախջախիչ մեծամասնութեամբ որդեգրուած բանաձեւը, որ կը դատապարտէր Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներուն հանդէպ անմարդկային վերաբերմունքը եւ կը պահանջէր անոնց ազատ արձակումը։

Պատուիրակութիւնը նշեց, որ միջազգային ընտանիքը, Եւրոպական միութիւնն ու անոր անդամ պետութիւնները պէտք է շօշափելի քայլերու ձեռնարկեն Պաքուի մէջ շինծու եւ ապօրինի դատավարութեան ենթարկուող հայ պատանդներու անմիջական ազատ արձակման ապահովման համար։

Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը լուծարելու թուրք-ազրպէյճանական պահանջները նկատեց անհիմն ու անտեղի՝ դեսպանին ուշադրութեան յանձնելով, որ Արցախի խնդիրը տակաւին չէ լուծուած, եւ Մինսքի խմբակը կրնայ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ արցախահայութեան տունդարձի միջազգային օրէնքով երաշխաւորուած իրաւունքի իրականացման մէջ։

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստորագրուելիք համաձայնութեան, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ բռնութեան կիրարկման սպառնալիքի տակ կնքուած համաձայնագիրը միջազգային օրէնքի հիմամբ կը նկատուի անվաւեր եւ առ ոչինչ, եւ ընդգծեց, թէ խաղաղութեան համաձայնագիր մը չի կրնար նախայարձակ ու բռնագրաւող կողմը վարձատրել։