ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Զուիցերիոյ դեսպան դոկտ. Մարիոն Վիխելթէն ստացաւ պատասխան նամակ մը:
Հայ դատի մարմինը 19 դեկտեմբեր 2024-ին դեսպանին յղած էր նամակ մը` ողջունելով Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդին կողմէ որդեգրումը պատմական բանաձեւի մը, որ երկրի դաշնակցային կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ կազմակերպելու միջազգային խորհրդաժողով մը` ջատագովելու համար արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքը:
«Կ՛ողջունենք այս բանաձեւին որդեգրումը, որ Զուիցերիոյ օրէնսդիր մարմինին կողմէ կարեւոր ու քաջարի քայլ մըն է եւ կ՛ընդգծէ հայերու վերադարձի իրաւունքին աջակցող միջազգային իրաւական ու քաղաքական աճող թափը: Զուիցերիոյ Նահանգային խորհուրդին ու կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` վաւերացնելու բանաձեւը եւ կազմակերպելու նման միջազգային խորհրդաժողով մը. ինչ որ մարդու իրաւունքներու եւ տագնապներու խաղաղ լուծման զուիցերիական դիւանագիտական աւանդութենէն բխող քայլ մըն է», գրած էր մարմինը:
Զուիցերիոյ դեսպանը իր պատասխան նամակին մէջ կը գրէ. «Շնորհակալութիւն ձեր 19 դեկտեմբեր 2024 թուակիր նամակին համար, որուն մէջ Զուիցերիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէք` որդեգրելու թիւ 24.4259 բանաձեւը:
«Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը լաւապէս տեղեակ է այս բանաձեւէն ու անոր ներկայ կացութենէն:
«Մինչ խորհրդարանական հոլովոյթը իր ընթացքը կը շարունակէ, վստահ եղէ՛ք, որ Զուիցերիան օգնեց Ղարաբաղի շրջանէն գաղթականներու դժուար կացութիւնը թեթեւցնելու` ելեւմտական օժանդակութիւն տրամադրելով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին, ՄԱԿ-ի գաղթականներու գործակալութեան եւ Սնունդի համաշխարհային ծրագիրին»: