ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մարիոն Վէյխելթին` ողջունելով Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդին կողմէ որդեգրումը պատմական բանաձեւի մը, որ երկրի դաշնակցային կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ կազմակերպելու միջազգային խորհրդաժողով մը` ջատագովելու համար արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքը:
«Կ՛ողջունենք այս բանաձեւին որդեգրումը, որ Զուիցերիոյ օրէնսդիր մարմինին կողմէ կարեւոր ու քաջարի քայլ մըն է եւ կ՛ընդգծէ հայերու վերադարձի իրաւունքին աջակցող միջազգային իրաւական ու քաղաքական աճող թափը: Զուիցերիոյ Նահանգային խորհուրդին ու կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` վաւերացնելու բանաձեւը եւ կազմակերպելու նման միջազգային խորհրդաժողով մը. ինչ որ մարդու իրաւունքներու եւ տագնապներու խաղաղ լուծման զուիցերիական դիւանագիտական աւանդութենէն բխող քայլ մըն է», եզրափակեց Հայ դատի մարմինը: