ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կ՛ողջունէ Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ «Հայաստանը ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործի ծիրին մէջ Պաքուի ներկայացուցած բոլոր նախնական առարկութիւններուն մերժումն ու Հայաստանի երկու առարկութիւններուն բաւարարումը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը սեպտեմբեր 2021-ին նախաձեռնած էր Ազրպէյճանի դէմ դատական հայցի` վերջինիս կողմէ Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային հռչակագիրի խախտումներու վերաբերեալ: Երեւան իր դիմումին մէջ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան դատարանէն պահանջած էր ճանչնալ Ազրպէյճանի` հայերուն նկատմամբ խտրական վերաբերմունքը, ներառեալ սպանութիւնները, խոշտանգումները, անմարդկային վերաբերմունքը եւ հատուցել պատճառած վնասը: Ազրպէյճան իր կարգին հակընդդէմ հայց ներկայացուցած էր Հայաստանի դէմ»: