ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Հիւսիսային Կիպրոս թրքական ներխուժման երկրորդ փուլի շղթայազերծման 50-ամեակին առիթով զօրակցական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Մարիա Հաճիթէօտոսիուին:
Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ նշեց, որ Թուրքիան այսօր կը շարունակէ իր բռնագրաւումը օրինականացնելու արշաւը, եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը գործօն կերպով կ՛աջակցին այդ արշաւին:
Հայ դատի մարմինը դեսպանին յիշեցուց, որ Հունգարիոյ վարչապետը 6 յուլիսին բռնագրաւուած Հիւսիսային Կիպրոսի ղեկավարի կողքին բռնագրաւուած հայկական Շուշիի մէջ մասնակցած էր Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական վեհաժողովին եւ «բացարձակ յարգանք» արտայայտած վեհաժողովի կազմակերպիչ Ալիեւին, որ տակաւին վերջերս ցեղային զտում գործած էր եւ բռնագրաւած Արցախը:
Հայ դատի մարմինը նաեւ նշեց, որ Ազրպէյճանի նախագահը շուտով պիտի հիւրընկալէ ՔՈՓ 29 վեհաժողովը եւ զայն «Խաղաղութեան ՔՈՓ» պիտակած է: Հայ դատի մարմինը մտահոգութիւն յայտնեց այդ հարթակի եւս Հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւման օրինականացման թրքական արշաւի յառաջ մղման համար օգտագործման մեծ հաւանականութեան նկատմամբ:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակը եզրափակելով վերահաստատեց Կիպրոսի եւ անոր ժողովուրդին հետ իր համերաշխութիւնը: