ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական վեհաժողովին մասնակցութեան ու արտասանած խօսքին վերաբերեալ նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ու միութեան անդամ 15 երկիրներու` Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Շուէտի, Չեխիոյ, Պելճիքայի, Դանիոյ, Նետերլանտներու, Աւստրիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Իտալիոյ, Պուլկարիոյ, Լեհաստանի եւ Մալթայի դեսպաններուն:
Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Օրպանի բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան մէջ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի ղեկավարի կողքին վեհաժողովի մասնակցութիւնը «ուժի կիրարկման ու բռնագրաւման եւ անոնց ապօրինի հետեւանքին յստակ օրինականացումն է»:
Անդրադառնալով վեհաժողովի ընթացքին Հունգարիոյ վարչապետին արտասանած խօսքին, որուն մէջ ան «բացարձակ յարգանք» յայտնած էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին` «այս շրջանի հազարաւոր մարդոց խաղաղութեան մէջ ապրելու առիթ ընծայելուն համար», եւ յոյս յայտնած, որ «այսպիսի առիթ մը նաեւ կարելի եղածին չափ շուտ Եւրոպայի մէջ եւս կապահովուի», Հայ դատի մարմինը նշեց. «Եւրոպական Միութեան անդամ երկրի մը վարչապետը «բացարձակ յարգանք» կը յայտնէ բռնատէրի մը, որուն մարդու իրաւունքներու նկատմամբ վերաբերմունքը շատ յստակ է, եւ միայն վերջերս մարդկութեան դէմ ոճիր գործած է: Այն, ինչ որ այս յայտարարութիւնը առաւել գայթակղեցնող կը դարձնէ, այն իրողութիւնն է, որ Հունգարիան ներկայիս Եւրոպական Միութեան խորհուրդի 6-ամսեայ նախագահութիւնը կը վարէ:
«Եւրոպական Միութեան, անոր անդամ պետութիւններուն ու Եւրոպական խորհրդարանին կոչ կ՛ուղղենք` յստակացնելու այս հարցին նկատմամբ իրենց դիրքորոշումը եւ յստակօրէն դատապարտելու պարոն Օրպանի յայտարարութիւնը, որ բացայայտ կերպով կը հակասէ Եւրոպական Միութեան ու անոր անդամ պետութիւններուն կողմէ ընդունուած եւ ջատագովուած ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու հիմնարար արժէքներուն»:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նոյն օրը անջատ նամակ մըն ալ յղեց Լիբանանի մէջ Հունգարիոյ դեսպան Ֆերենց Չիլաղին:
Հայ դատի մարմինը Հունգարիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեց` յստակացնելու իր դիրքորոշումը ցեղային զտման թատերաբեմ դարձած բռնագրաւուած հողի մը վրայ վեհաժողովին մասնակցութեան ու անոր ընթացքին վարչապետ Օրպանի արտասանած խօսքին վերաբերեալ, «որ բացայայտ կերպով կը հակասէ Եւրոպական Միութեան ու անոր անդամ պետութիւններուն կողմէ ընդունուած եւ ջատագովուած ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու հիմնարար արժէքներուն»: