Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Աթէնքի մարզպետարանի համակազմակերպութեամբ, Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ի առաւօտեան, ժողովուրդի աննախընթաց ներկայութեամբ, նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը, Աթէնքի երաժշտանոցի շքեղ սրահին մէջ, որուն մասնակցեցան Յունաստանի պետական, քաղաքական, զինուորական, քաղաքապետական եւ հասարակական կարգերը։
Սրահի մուտքին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու խումբ մը կը դիմաւորէր ժամանող հիւրերը, մինչ Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատու ընկերները կ՚առաջնորդէին օտար եւ հայ անձնաւորութիւնները սրահին մէջ։ Պատրաստուած էր նաեւ գեղատիպ խնամուած յայտագիր մը հայերէն եւ յունարէն լեզուներով։
Քաղաքական ոգեկոչման ելոյթին, կառավարութեան եւ վարչապետին անունով ներկայ եղաւ Հանրային դիւանագիտութեան ընդհ. քարտուղար Իոաննիս Խրիսուլաքիս, Յունաստանի խորհրդարանի անունով երեսփոխան Իոաննիս Լովերտոս, խորհրդարանի կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները, խորհրդարանի նախկին նախագահ եւ «Փլեւսի էլէֆթերիաս» կուսակցութեան ղեկավար Զոի Քոնսթանթոփուլու, խորհրդարանի նախկին նախագահ եւ հայ ժողովուրդի ջերմ պաշտպան Ափոսթոլոս Քաքլամանիս, Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ հոգեւորականը, մեծ թիւով երեսփոխաններ եւ եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ, մարզպետական եւ քաղաքապետական կարգերու ներկայացուցիչներ, նախկին նախարարներ, Յունաստանի Զինեալ ուժերու ընդհ. հրամանատարի ներկայացուցիչը եւ մեծ թիւով բարձրաստիճան սպաներ, Յունաստանի Կարմիր Խաչի նախագահը, դեսպաններ եւ դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ամէն տարուան նման, յատուկ ներկայութիւն ունեցան համապոնտական եւ ասորական միութիւններու ներկայացուցիչները։
Հայկական կողմէն ներկայ եղան Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Յովսէփ ծ.վրդ. Պէզազեան, Հայ աւետարանական համայնքի հովիւ վեր. Վիգէն Չոլաքեան, հոգեւոր դասը, Հ.Հ. դեսպանութեան կողմէ հիւպատոս Նիքոլայ Սահակով, Ազգային վարչութեան ատենապետը եւ անդամները, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ անդամները, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչները, վարժարաններու տնօրէնութիւնները եւ ուսուցչական կազմերը, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի, Գոքինիոյ եւ Գարէայի սկաուտական կազմերը, որոնք յատուկ փայլ եւ գոյն տուին յաջորդած քայլարշաւին։
Յունաստանի եւ Հայաստանի ոգերգներու յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք, վայրկեանի մը լռութեամբ յարգուեցաւ յիշատակը միլիոն ու կէս սրբադասուած անմեղ զոհերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ զոհուած հայրենակիցներու յիշատակը։
Քաղաքական ելոյթի բացումը կատարեց ընկ. Վազգէն Սավուլեան, որ համապարփակ կերպով անդրադարձաւ Թուրքիոյ ցեղասպան քաղաքականութեան եւ Արեւելքի ժողովուրդներու բնաջնջման։ Նշեց, որ քաղաքակիրթ ժողովուրդներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իրողութեան դիմաց, Թուրքիան կը շարունակէ մերժումի եւ ժխտողական քաղաքականութիւնը։ Ան յատուկ անդրադարձ ըրաւ Արցախի հիմնահարցին, նշելով հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու ձգտումը Արցախի հողին վրայ, բայց նաեւ թուրքեւատրպէյճանական յարձակողականութեան հետեւանքները, որոնք պատճառ դարձան Արցախի հայաթափման՝ միջազգային ընտանիքի անտարբեր կեցուածքին տակ։ Ընկերը մասնաւորապէս ընդգծեց հայ ժողովուրդի բազմադարեայ մշակութային եւ կրօնական կոթողներու աւերումը ազերի ձեռքով, որ նպատակ ունի հիմնովին վերացնել հայու հետքը իր բնօրրանէն։ Ան նաեւ խօսեցաւ ցեղասպանուած ժողովուրդներու պայքարի միասնական կամքին մասին, կանխելու համար Թուրքիոյ նորօրեայ ծաւալապաշտութեան ընթացքը։ Ան յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդի պայքարը յանուն արդարութեան եւ արցախահայութեան վերականգման իր հայրենի հողին վրայ պիտի շարունակուի աննկուն կամքով։
Յաջորդաբար, բեմ հրաւիրուեցաւ Յունաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Իոաննիս Խրիսուլաքիս, որ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ այլ ցեղասպանութիւններու ժխտողական քաղաքականութիւնը, ապա գովասանքով արտայայտուեցաւ յունահայ համայնքի նուաճումներուն, մասնաւոր անդրադարձ կատարելով հայ եւ յոյն միջպետական գործակցութեան մասին։
Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ խօսք արտասանեց երեսփոխան Իոաննիս Լովերտոս, որ նախապէս վերյիշեց իր պատանեական տարիները, իր նախնիկներուն կողմէ նկարագրուած ահաւոր պատմութիւններուն մասին օսմանեան եւ քեմալական Թուրքիոյ կատարած սպանդներուն առնչութեամբ։ Ան նաեւ յուզումով անդրադարձաւ Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան այցելութեան մասին, մատուցելով իր յարգանքի տուրքը անմեղ զոհերու յիշատակին։ Եզրափակեց ըսելով, թէ Յունաստանի խոհրդարանը պիտի շարունակէ պայքարը ցեղասպանութիւններու ճանաչման ուղղութեամբ։
Ատտիկէի մարզպետ Նիքոս Խարտալիաս կուռ եւ ոգեւորիչ ուղերձով մը անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած ու իրագործուած ցեղասպանութեան, որ դուռը բացաւ Արեւելքի ժողովուրդներու բնաջնջման։ Շեշտեց, թէ պատմական յիշողութիւնը պէտք է անմառ մնայ բոլորին սիրտին մէջ, իսկ ան եւս խօսեցաւ Արցախի ժողովուրդի ողբերգութեան մասին։
Հ.Հ. Յունաստանի մէջ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի խօսքը արտասանեց հիւպատոս Նիքոլայ Սահակով, որ յատուկ նշում ըրաւ Արցախի պատերազմին եւ Ատրպէյճանի վարած հայատեաց քաղաքականութեան։ Դեսպանին խօսքը պիտի հրատարակենք առանձին։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդր. վարչութեան անունով ուղերձ արտասանեց ընկ. Օննիկ Պետրոսեան, որ ներկայացուց հայ երիտասարդութեան կամքը ու պայքարի անկոտրում ոգին, տէր կանգնելու հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ու արցախահայութեան վերականգնման։ Ընկերոջ խօսքը պիտի հրատարակենք առանձին։
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Փանտիօ համալսարանի ծանօթ դասախօս, օսմանագիտութեան եւ թրքագիտութեան ոլորտի մասնագէտ, Տիմիթրիս Սթաթաքոփուլոս։ Յարգելի խօսողը նախ անդրադարձաւ թուրք ցեղի յատկանիշներուն, օտար եւ մանաւանդ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն հանդէպ վարած բազմադարեայ քաղաքականութեան, ապա ուրուագծեց 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն ընթացքին՝ համիտեան օրերէն մշակուած քաղաքականութիւնը, որուն հետեւանքը եղաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ու անոր յաջորդող փոքրասիական աղէտը։ Ան, անդրադառնալով ներկայ Թուրքիոյ քաղաքական երեսին, դատապարտեց անոր ղեկավարութեան նորօսմանական հետապնդումները, միաժամանակ ափսոսանք յայտնեց միջազգային ընտանիքի երկդիմի քաղաքականութեան համար, որ պատճառ կը դառնայ Թուրքիոյ լկտիացումին ու տարածաշրջանային նուաճողական քաղաքականութեան։ Յարգելի խօսողը զանազան պատմական տուեալներով անդրադարձաւ 20-րդ դարու առաջին տաիներու ողբերգութիւններուն, նշելով թէ կարելի պիտի ըլլար անոնցմէ խուսափիլ եթէ մեծ տէրութիւնները տէր կանգնած ըլլային միջազգային օրէնքին ու քեմալական քաղաքականութեան զսպումին։
Ելոյթի ընթացքին ցուցադրուեցան երկու տեսանիւթեր, մին Հայոց ցեղասպանութեան ու հայ ժողովուրդի սփիռքացման մասին, իսկ երկրորդը ընդհանուր ներկայացում մըն էր Արցախի վրայ սանձազերծուած պատերազմին ու արծուաբոյնի հայափաթման հետեւանքներուն։ Տեսանիւթերու պատրաստութեան խնամքը կատարուած էր ընկ. Ալիս Ֆուրունճեանին կողմէ։
Հոգեկան վերելքի պահեր եղան Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի աշակերտութեան ներկայացուցած երգերը։ Տասնեակ աշակերտներ բեմ բարձրացան բեմին վրայ եւ իրենց ուսուցչուհի Էմիլիա Ֆոլիայի դաշնամուրի ընկերուկցութեան ներքոյ, համարձակ եւ ինքնավստահ արտայայտութիւններով, ներկայացուցին կոմիտասեան երգեր եւ ծանօթ յունական երգ մը։ Տպաւորիչ եղաւ աշակերտներու ելոյթը, որ գնահատուեցաւ մանաւանդ օտար հիւրերուն կողմէ, մատղաշ դէմքերուն վրայ տեսնելով հայ ժողովուրդի ապագայի երաշխաւորումն ու պայքարի շարունակութիւնը։
Քաղաքական ոգեկոչման վերջին մասը հանդիսացաւ ժողովրդային քայլարշաւը դէպի Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանը եւ դափնեպսակներու զետեղումը։
Աթէնքի քաղաքապետական նուագախումբի առաջնորդութեամբ, աչքի զարնող պատկեր մը ներկայացուցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական խիտ շարքերը, որոնց առջեւէն կը ծածանէր Երագոյնը, Արցախի եւ յունական դրօշը, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշը։ Անոնց հետեւեցան պաշտօնական հիւրերու խումբը եւ ժողովուրդի մեծաթիւ թափորը, որուն կը հսկէին Հայ դատի յանձնախումբի անդամները։ Ճամբուն ընթացքին, անցորդ ժողովուրդը հիացումով եւ քաջալերական խօսքերով զօրավիգ կը կանգնէր հայութեան համախմբումին։
Յունաստանի խորհրադանի շէնքին առջեւ՝ Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին շուրջ արդէն կանգնած կը սպասէր Յունաստանի օդային ուժերու նուագախումբը եւ ենդասպաներու ու զինուորներու խառն ջոկատ մը, որ պատուի կեցաւ ելոյթի ամբողջ տեւողութեան։
Հերթաբար դափնեպսակներ զետեղեցին Յունաստանի կառավարութեան, խորհրդարանի, քաղաքական կուսակցութիւններու, մարզպետարանի, զինեալ ուժերու, պոնտական եւ ասորական միութիւններու ներկայացուցիչները, իսկ հայ գաղութին անունով՝ ընկ. Գէորգ Գոլանեան։
Յուզումի ցնցիչ պահերուն մէջ, նուագախումբը հնչեցուց Հայաստանի եւ Յունաստանի ոգերգները, որոնցմէ ետք բարդձրաստիճան հիւրերը մօտեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական շարքերուն ու իրենց հիացումը արտայայտեցին պատանեկան սերունդի խումբերուն։
Ամէն տարուան նման, Յունաստանի պետական օրէնսդրութեան մաս կազմած Հայոց ցեղասպանութեան քաղաքական ոգեկոչական նշումը, այս տարի եւս աննախընթաց մասնակցութեան, յարգանքի եւ պահանջատիրութեան նշանակալից ելոյթ մը եղաւ։
Յունահայութիւնը կը շարունակէ իր պահանջատիրական ելոյթներու շարքը, որ պիտի շարունակուի Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, Նէա Զմիռնիի հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ կատարուելիք գոհաբանական արարողութեամբ, ապա դէպի թրքական դեսպանատուն եւ Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարանը՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան կողմէ կազմակերպուած պահանջատիրական համաժողովրդային ցոյցերով։ Ապրիլեան ելոյթներու շարքը պիտի ամբողջանայ Կիրակի, 28 Ապրիլին Թեսաղոնիկէի մէջ կազմակերպուելիք ոգեկոչական քաղաքական ելոյթով: