Մարտ 16-ին, Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ Գանատայի Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդի տեղակալ Մելիսա Լանթսման այցելեց Մոնթրէալի Հայ Կեդրոն, ուր հիւրընկալուեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան կողմէ։ Տիկին լանթսմանի կ՚ընկերակցէր ծերակուտական Լէօ Հուսաքոս։ Գանատայի ընդդիմադիր կուսակցութեան փոխ առաջնորդին հետ հանդիպման ներկայ էին նաեւ Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնէն ներս գործող միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչները։
Հանդիպման ընթացքին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Խորէն Տիմիթեան անդրադարձաւ Արցախի հիմնահարցին, Ատրպէյճանի մէջ կալանքի տակ գտնուող հայ ռազմագերիներուն, Արցախի պատմական յուշարձաններու դէմ իրագործուող ատրպէյճանական վայրագութիւններուն եւ Արցախահայութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքին, շեշտելով, որ Արցախի եւ արցախահայութեան այսօրուան իրավիճակը Գանատայի հայ համայնքը յուզող գլխաւոր հարցերն են։
Օնթարիոյի Թորնհիլ ընտրատարածքի պատգամաւոր Մելիսա Լանթսման ներկայացուց Գանատայի ներքաղաքական կացութիւնն ու ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան քաղաքական հայեցակարգը, նշելով, որ իշխանութեան հասնելու պարագային, Պահպանողական կուսակցութիւնը ինչպէս անցեալին, դարձեալ պիտի համագործակցի Գանատայի հայ համայնքին եւ յատկապէս Հայ Դատի յանձնախումբին հետ։
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պելեան իր կարգին շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի նախօրեակին, հայութիւնը վերստին ցեղասպանութեան ու սովասպանութեան ենթարկուեցաւ, որը գանատահայութեան առթեց խոր հոգեխոց։ Ան շեշտեց, որ 21-րդ դարուն, մարդու իրաւունքները ոտնակոխող նման ցեղասպանական արարքներու դէմ յանդիման Գանատայի պետութիւնը պէտք չէ լուռ մնայ, այլ գործնականօրէն հաշուետուութիւն պահանջէ եղեռնագործէն։
Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոս իր կարգին վստահեցուց, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Պահպանողական կուսակցութեան յաղթանակ արձանագրելու եւ իշխանութեան ղեկը ստանձնելու պարագային՝ Հայաստանի հանդէպ Գանատայի աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը աւելի քան երբեք պիտի ամրապնդուի։
Հանդիպման աւարտին տիկին Լանթսման շրջագայեցաւ եւ ծանօթացաւ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն, այցելելով «Հորիզոն»ի խմբագրատուն, եւ ծանօթանալով Համազգայինի պարախումբին ու ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան աշխատանքներուն։ Ան նաեւ շնորհակալագրեր յանձնեց Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող կազմակերպութիւններու՝ գանատահայ համայնքին մատուցած ծառայութիւններուն համար։