Հալէպի հայ եւ արաբ, քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու ներկայացուցիչներն ու ժողովուրդի զաւակները Արցախի եւ Կազզայի զօրակցական միացեալ հաւաքին ընթացքին շեշտեցին, որ նոյն թշնամական ծրագրեալ ոճիրներուն կ՚ենթարկուին արդարութեան ու հայրենիքի համար պայքարող հայ, սուրիացի եւ պաղեստինցի ժողովուրդները։
Արդարեւ, Կիրակի, 29 Հոկտեմբերին, Սուրիոյ Հայ դատի Կեդրոնական Մարմնի կազմակերպութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած զօրակցական հաւաքին ներկայ էին քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնապետներ, սուրիական կուսակցութիւններու, պաղեստինեան «Քուտս» գումարտակի, պաղեստինեան ապստամբութեան «Ֆաթհ» շարժումի պատասխանատուները, Հալէպի մէջ Իրանի հիւպատոսին խորհրդականը, Սուրիոյ խորհրդարանի, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէնը, Արաբ Գրողներու Միութեան նախագահը, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, դատախազներ, Հալէպի պետական համալսարանի դատախօսներ եւ հոծ բազմութիւն մը։
Զօրակցական հաւաքը սկսաւ Սուրիոյ քայլերգով, ապա հանդիսավար Ամէր Տրաու ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Արցախի եւ Պաղեստինի նահատակներուն յիշատակը ու շեշտեց որ զօրակցական այս հաւաքով կը հաստատենք արդար պայքարը արցախահայութեան եւ Կազզայի ժողովուրդներուն. այն ժողովուրդներուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ ենթակայ դարձան բռնարարքներու՝ իրենց պատմական հողին վրայ։
Այնուհետեւ «Քուտս» գումարտակի խօսքը ուղղեց գումարտակի քաղաքական թեւի պատասխանատու Ատէլ Ապտուլ Հաք։ Ան դատապարտեց միջազգայինօրէն ծրագրուած ահաբեկչութիւնը, որ կը միտի ազգեր բնաջնջել քաղաքական նպատակներու համար, աւելցնելով որ Թուրքիան է՛ր ու կը մնայ գործիքը մեր տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչական ծրագիրներու իրագործման։ Փաստօրէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը վկան է այս իրողութեան, ու ահա Թուրքիան, այսօր, Ատրպէյճանի ձեռամբ՝ կազմակերպուած ցեղասպանութիւն կը հովանաւորէ Արցախի մէջ, Արցախի բնակչութիւնը բռնի տեղահանութեան կ՚ենթարկէ եւ շրջանի ժողովրդագրական պատկերը կը փոխէ։ Եթէ մանրակրկիտ կերպով դիտենք նման երեւոյթներ աշխարհի մէջ ընդհանրապէս, պիտի տեսնենք, թէ ուր որ ահաբեկչութիւն գոյութիւն ունի, հրահրուած է Միացեալ Նահանգներուն եւ սիոնիստական շարժումին կողմէ, եւրոպական կարգ մը երկիրներու եւ յատկապէս Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ։
«Սակայն իրաւունքը չի՛ մեռնիր, եթէ պահանջատէր ունի։ Եւ ահաւասիկ «Աքսայի հեղեղ»-ը աստուածային նախախնամութեամբ կու գայ անիրատեսական համարելու Իսրայէլի անպարտելի ըլլալու տեսութիւնը եւ թշնամին նիւթական ու մարդկային վնասներ կը կրէ, ինչ որ ուժերու հաւասարակշռութիւնը կը խախտէ եւ անել կացութեան կը մատնէ Իսրայէլը, վերջինս մղելով անմարդկային արարքներու», ըսաւ ան։
Ապա խօսք առաւ Արաբ Աւետարանական Համայնքի պետ Իպրահիմ Նսէիր, որ ըսաւ․ «Ողջոյնի խօսք կ՛ուղղենք Հալէպէն, որ ահաբեկչութեան ծրագիրը շրջեց։ Ու այնպէս ինչպէս, Սուրիոյ նախագահին իսկ խօսքով, Հալէպի ազատագրութեան մարտերը պատմութիւնը փոխեցին, նոյնպէս ալ Կազզայի մէջ պաղեստինցիներուն մղած պատերազմը պիտի փոխէ պատմութիւնը։ Այստեղ ենք հաստատելու, որ Կազզայի պատերազմը յստակօրէն բացայայտեց ծաւալապաշտական եւ թշնամական նկրտումներ ունեցողները։ Փաստօրէն ան որ 1915-ին մեր նախահայրերը ցեղասպանութեան ենթարկեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ, նոյն թշնամին է, որ Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները ցեղասպանութեան ու բռնի տեղահանման ենթարկեց, նոյն թշնամին է որ Սուրիոյ մեր զաւակները սպանեց ու այսօր Պաղեստինի մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը սպանէ։ Նոյն թշնամին է, սիոնական շարժումը, իսկ պատճառը այն է, որ մեր ժողովուրդները մշակոյթ ունին, ինքնութեան համար կը պայքարին։ Մենք խաղաղասէր ժողովուրդներ ենք, սակայն պիտի պաշտպանենք մենք մեզ ու թոյլ պիտի չտանք որ մեզ վերացնեն։ Այսօր կը հաստատենք, որ Պաղեստինի եւ Արցախի դատերը մեր բոլորին դատերն են, անոնք արդարութեան, ազատութեան համար յառաջ մղուող դատեր են»։
Գեղարուեստական յայտագիրով Մարինէ Մարգարեան երգեց «Արձակէ՛ Փամփուշտդ» արաբերէն երգը, Աննա Սաղպազարեան մեներգեց «Արցա՛խ, իմ Տուն» երգը, Անի Պօղիկեան (դաշնամուր) եւ Տեսիլ Սարեան (ջութակ) նուագեցին «Կեանք ու Կռիւ»-ը, իսկ Արա Մութաֆեան ասմունքեց իր հեղինակած «Հայրենիքի Յարութիւնը» արաբերէն քերթուածը։
Այնուհետեւ խօսք առին Պաղեստինեան «Ֆաթհ» ապստամբութեան շարժման պատասխանատուն, Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէնութեան կողմէ շէլխ դոկտ․ Ճեմէլ Համմէշը, Սուրիական Ազգային Հասարակական Կուսակցութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանը եւ «Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի քարտուղարին ներկայացուցիչը, որոնք լուսարձակի տակ առին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանութիւնը եւ բռնի տեղահանումն ու հայկական Արցախի բռնագրաւումը, Պաղեստինի ժողովուրդին ցեղասպանութիւնն ու բռնի տեղահանումը իսրայէլեան ուժերուն կողմէ, վեր առին երկու ժողովուրդներուն իրենց պատմական հողերուն վրայ ազատ ապրելու իրաւունքն ու պահանջեցին մարդկային իրաւունքներու անունով հանդէս եկող միջազգային կազմակերպութիւններէն դիտորդի դերին մէջ մնալով մեղսակից չըլլալ տեղի ունեցող բռնարարքներուն, որովհետեւ բռնարարքները անպատիժ պիտի չմնան, ու այս ժողովուրդներու զաւակներն ու թոռները պիտի ժառանգեն պահանջատիրութեան ջահը։
Ցուցադրուեցաւ Արցախի ու Պաղեստինի մասին տեսերիզ մը։
Զօրակցական հաւաքը փակուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեանի եզրափակիչ խօսքով։
Մակար սրբազան դիտել տուաւ, որ որոշ ժողովուրդներ հեռանալով Աստուծոյ պատուիրաններէն, սպանելով իրենց նմանը՝ մարդը, եւ յանուն իրենց նիւթական շահերուն Սատանային հետ դաշնակցելով պատմական իրականութիւններ շրջեցին, ցեղասպանութիւններ իրագործեցին ու ժողովուրդներ իրենց հայրենիքներէն վտարանդի դարձուցին։ Արցախի եւ Կազզայի մէջ պատահածները չեն տարբերիր 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն։ «Ո՞ւր են միջազգային կազմակերպութիւնները, ո՞ւր է ԻւՆԻՍԷՖ-ը, ո՞ւր են խաղաղութեան, մարդկային իրաւունքներու անունով հանդէս եկող կազմակերպութիւնները։ Ամօ՛թ բոլորին։ Կը զօրակցինք Պաղեստինի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, կը զօրակցինք արցախահայութեան։ Կը դատապարտենք բոլոր բռնարարքները, որոնք կը քանդեն խաղաղ գոյակցութեան հիմքերն ու ատելութիւն կը սերմանեն աշխարհի մէջ՝ շրջանցելով արդարութիւնը, խաղաղութիւնն ու մարդու իրաւունքները։ Իրաւացի էր նահատակ հայ բանաստեղծ Սիամանթօն երբ կ՛ըսէր․ «Ով մարդկային արդարութի՛ւն, թող ես թքնեմ քու ճակտին»․․․ Կը հաւատանք վերջապէս որ արդարութեան համար մաքառող ժողովուրդները ուշ կամ կանուխ պիտի վերատիրանան իրենց իրաւունքներուն, քանի որ պիտի պայքարին անոնց համար ու այդ պայքարի շունչը վառ պիտի պահեն սերունդէ սերունդ։ Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք այստեղ գտնուողներուն եւ անոնց զօրակցութեան Արցախի եւ Պաղեստինի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ այս ձեռնարկը կազմակերպողներուն։ Թող Աստուած պահէ սուրիական հայրենիքն ու անոր իմաստուն նախագահ Պաշշար ալ- Ասատը։ Թող Աստուած պահէ սուրիական բանակը եւ օգնելով յաղթանակի առաջնորդէ Արցախի ու Պաղեստինի իրաւատէր ժողովուրդները», ըսաւ սրբազանը։
Աւարտին Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահուէճեան ընթերցեց Բերիոյ Հայոց Թեմին եւ անոր մարմիններուն կողմէ դատապարտագիր մը, ուր կը դատապարտուէին թրքական, ատրպէյճանական եւ սիոնիստական ցեղասպանական արարքները հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն դէմ ու միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղուէր՝ պատժելու բոլոր պատասխանատուները։ Դատապարտագիրը ստորագրուեցաւ նաեւ հաւաքին մասնակիցներուն կողմէ։
Արտատպուած Գանձասարէն