ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Եւրոպական Միութեան, Զուիցերիոյ, Պրազիլի եւ Սպանիոյ դեսպաններուն յղեց 16 օգոստոսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումով Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի շրջափակման եւ ատոր իբրեւ հետեւանք Արցախի մէջ մարդասիրական կացութեան վատթարացման հարցով հրատապ նիստի առիթով նամակներ, որոնց մէջ ակնկալութիւն յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը տէր կը կանգնի եւ կ՛ապահովէ գործադրութիւնը ՄԱԿ-ի կառոյցներէն Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 փետրուար 2023-ի միաձայնութեամբ որդեգրած որոշումին, որ Պաքուին կը հրամայէ ապահովել Բերձորի միջանցքով ազատ ու անվտանգ երթեւեկը:
«Ուստի կը յուսանք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի վերոնշեալ նիստը պիտի չվերածուի դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր մեր լսած իրերայաջորդ յայտարարութիւնները կրկնելու մէկ այլ առիթի, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ կատարուած իսկական եւ շօշափելի արդիւնքէ զուրկ յաւելեալ անիմաստ ժեստի:
«Հարցը այլեւս դադրած է մարդասիրական ճգնաժամի կանխարգիլման մասին ըլլալէ: Անիկա արդէն վերածուած է գոյութենական ճգնաժամի, որ դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր առօրեայ դրութեամբ կը խորանայ: Հարցը ցեղասպանութեան կանխարգիլման մասին է, ինչպէս մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններ, գործիչներ եւ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ յստակօրէն մատնանշեցին: Այս առումով, մենք ապշած ենք լսելով Ազրպէյճանի եւ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութեան կոչերը, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը կարելի չէ կանխարգիլել յանցագործին եւ անոր զոհին միջեւ երկխօսութեամբ կամ փոխզիջումով:
«Ազրպէյճանական կողմը պէտք է վերաբանայ Բերձորի միջանցքը, Արդարադատութեան միջազգային դատարանի, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումներուն հիմամբ, ինչպէս նաեւ միջազգային մարդասիրական օրէնքի եւ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան համահունչ կերպով: Ոչ մէկ այլ ճամբայ կրնայ զայն փոխարինել, մանաւանդ որ տակաւին շատ կանուխ է եւ անտեղի է առնել որեւէ քայլ, որ երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման նմանութիւն կրնայ ունենալ: Այս առումով այլընտրանքային ճամբաներու մասին ազրպէյճանական առաջարկները չարամիտ են եւ շնականութեան ու բացայայտ շանթաժի համազօր:
«Երբ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան մասին կը խօսուի, պէտք է ի մտի ունենալ, որ անոր ինքնորոշման իրաւունքը իր առաջնահերթ ու անօտարելի իրաւունքն է, ինչպէս նաեւ անոր անվտանգութեան բանալին: Շարունակ զգուշացուցած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը գոյութենական սպառնալիք կը դիմագրաւէ: Արդէն ժամանակն է այդ իրողութիւնը լուրջի առնելու», եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը:
aztagdaily.com