Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը այսօր հրապարակուած հաղորդագրութեամբ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ այն լուրերու առնչութեամբ, որոնք կ՚ենթադրեն, որ Գանատայի կառավարութիւնը կը քննարկէ Թուրքիոյ զէնք չմատակարելու իր երկարաժամկէտ որոշումը ջնջելու հարցը:
Այս զեկոյցները խորապէս կը մտահոգեն գանատահայ համայնքը եւ լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն մարդու իրաւունքներու, միջազգային անվտանգութեան եւ արդարադատութեան նկատմամբ Օթթաուայի կառավարութեան յանձնառութեան գծով:
Թուրքիան, նախագահ Էրտողանի ամբողջատիրական ղեկավարութեան ներքոյ, հետեւողականօրէն ցոյց տուած է մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարական արժէքներու եւ օրէնքի գերակայութեան անտեսում: Թուրքիոյ զինամատակարարման կասեցման որոշման վերացումը ոչ միայն կը խաթարէ Գանատայի սկզբունքները, այլեւ կ՚անտեսէ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող յարձակապաշտութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները։
Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՚ուղղէ Գանատայի կառավարութեան վերանայելու նման որոշում եւ սկզբունքային դիրքորոշում ընդունի թրքական կառավարութեան ռազմատենչ քաղաքականութեան դէմ եւ միաժամանակ կոչ կ՚ուղղէ ականջալուր դառնալու գանատահայ համայնքի, քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու եւ իրաւապաշտպաններու մտահոգութիւններուն։