ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ ազրպէյճանական կողմը վերջին օրերուն զինուորական գործողութիւններու շղթայազերծման աշխուժ նախապատրաստութիւն կը կատարէ:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` սահմանամերձ տարբեր շրջաններու մէջ ազրպէյճանական կողմի զինադադարի խախտման տարբեր դէպքերը թաքցնելու փորձով մը, 11-19 յունիսին հրապարակեցին շուրջ 25 ապատեղեկատուութիւն, իբրեւ թէ հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները խախտած են զինադադարը:
19 յունիսին ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին հրթիռներու եւ հրետանիի կիրարկմամբ ռազմափորձի մասին, այդպիսով թաքցնելով վերջին 2-3 օրերուն Սիւնիքի շրջանի Նռնաձոր, Շիկահող, Խնձորեսկ, Կոռնիձոր, Տեղ, Խնածախ եւ Խոզնավար գիւղերուն ուղղութեամբ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կատարած գործողութիւնները:
Վերոնշեալ ուղղութիւններով ուժերու եւ զինուորական սպառազինութեան կուտակում նշմարուած է, եւ զինուորական գործողութիւններու ձեռնարկման աշխատանքներ կը կատարուին:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ յիշեցուց, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ Արցախի շրջափակումն ու մարդասիրական ճգնաժամը: