16 եւ 17 Ապրիլ 2023-ին‚ Հալէպի «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի Միջին Արեւելքի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր շրջաններու տարած աշխատանքներու մասին զեկոյցներ‚ Միջին Արեւելքի մէջ Հայ Դատի հետապնդման գծով մարտահրաւէրներն ու կարիքները, եւ լուծումներ առաջարկուեցան այդ բոլոր դիմագրաւելու միջոցներու մասին։
Ժողովին ներկայ էին Իրանի երկու շրջաններու, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ արաբական շարք մը երկիրներու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները եւ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակին (Պէյրութ) տնօրէնը՝ Վերա Եագուպեան։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին կողմէ ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշանեանն ու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրո Մանոյեանը։ Ժողովին մասնակցեցան նաեւ Հ.Յ.Դ. կառոյցի տարածաշրջանի մարմիններու եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամներ եւ հրաւիրեալ պատասխանատու ընկերներ։
Երկօրեայ խորհրդաժողովը՝
Ա) Զեկոյցներ եւ լուսաբանութիւններ ստացաւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն մէջ եւ շուրջ տեղի ունեցող, ինչպէս նաեւ Հայ դատի աշխատանքներուն առնչուող Միջին Արեւելքի մէջ աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն մասին։
Բ) Զեկոյցներ եւ լուսաբանութիւններ ստացաւ Հայ Դատի Կեդրոնական եւ Միջին Արեւելքի գրասենեակներուն, ինչպէս նաեւ առանձին երկիրներու մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերուն կողմէ անցած մէկ տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներու մասին։
Գ) Զեկոյց ստացաւ «Հայ Դատի աշխատանքներուն առնչուող աշխարհաքաղաքական զարգացումները Միջին Արեւելքի մէջ» նիւթին մասին եւ ծաւալեց քննարկում։
Դ) Քննարկեց «Միջին Արեւելքի Հայ դատի աշխատանքներու քաղաքական առաջնա-հերթութիւններն ու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները արտաքին եւ ներքին ճակատներու վրայ» ընդհանուր թեման եւ եզրակացութիւններ հանեց հետեւեալ հարցերու մասին.
– Ցեղասպանութեան ճանաչում, հատուցումներ, Հայաստան-Թուրքիա, հայ-թրքական յարաբերութիւններ, Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութիւն, եւայլն.
– Արցախի ինքնորոշման իրաւունք, Ադրբեջանի հակահայ քաղաքականութիւն, եւայլն։
Ե) Քննարկեց եւ առաջարկներ բանաձեւեց «Ընդհանուր մարտահրաւէրներ, մարդուժի հարցեր եւ գրասենեակներ-շրջաններ կապ» նիւթին շուրջ։
Սպառելով իր օրակարգի հարցերը, ժողովը փակուեցաւ հիւրընկալ շրջանին եւ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի ու Կեդրոնական գրասենեակներու պատասխանատուներուն խօսքերով։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի
Կեդրոնական Գրասենեակ
17 Ապրիլ 2023