ON ERDOGAN’S MESSAGE TO THE ARMENIANS‏

Prime Minister of Turkey Recep Tayyip Erdogan’s message to the Armenian people on the eve of the 99th anniversary of the Armenian Genocide is nothing more than Turkey’s renewed denial tactics under international pressure to accept her past and reconcile with it – especially with the centenary of the Armenian Genocide approaching. Though unprecedented the message, it is nothing more than a try to obstruct the international recognition and condemnation of Turkey for what it did to the Armenians, beginning April 24, 1915. By once again stating “the establishment of a joint historical commission in order to study the events of 1915 in a scholarly manner” Erdogan is omitting what independent scholars and academics have classified the “events” as Genocide.
By putting the extermination of the Armenians in the overall context of the losses of the Ottoman Empire, and conveying his condolences to the grandchildren of those perished, Erdogan rather than offering them peace, is insulting their memory. The massacres of the Armenian people in their historical lands were centrally planned and executed meticulously, even after the fall of the Ottoman Empire. If the Prime Minister of Turkey wants to convey his condolences, he firstly needs to acknowledge that there was an Armenian Genocide committed by Turkey.
“There can be reconciliation and peace between the two nations, between Turks and Armenians, only when Turkey accepts her genocidal past, condemns it, and pays the necessary reparations to the Armenian people, financial and territorial”, said European Armenian Federation for Justice and Democracy President, Kaspar Karampetian, and concluded “all the rest is just talk and a continuation of Turkey’s denial of the Armenian Genocide”.

#####

Թուրքիոյ վարչապետ Րեճէփ Թայյիփ Էրտողանի պատգամին մասին

Թուրքիոյ վարչապետ Րեճէփ Թայյիփ Էրտողանի պատգամը հայ ժողովուրդին Հայկական Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նախօրէին ոչինչ է, քան՝ յատկապէս Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի շեմին, Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան նոր ձեւ մը, ըլլալով միջազգային ճնշման տակ՝ ճանչնալու եւ հաշտուելու իր անցեալին հետ:

Թէեւ աննախընթաց, սակայն միշտ նպատակ ունենալով՝ խանգարել միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը՝ Թուրքիոյ կողմէ հայերուն դէմ գործած ջարդերուն, սկիզբ առած Ապրիլ 24, 1915-ին: Անգամ մը եւս նշելով «1915 թուականի իրադարձութիւնները գիտական մօտեցումով հետազօտելու համար պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով կազմելու կոչ»ը՝ Էրտողան կը մոռնայ, որ անկախ գիտնականներ եւ ակադեմականներ այդ «իրադարձութիւնները» արդէն Ցեղասպանութիւն որակած են:

Հայութեան բնաջնջումը դնելով Օսմանեան կայսրութեան կորուստներու ընդհանուր պարունակին մէջ, հաւասարեցնելով զոհին եւ ոճրագործին կորուստները, եւ ցաւակցութիւն մաղթելով կորուսեալներու թոռնիկներուն, Էրտողան խաղաղութիւն բերելու փոխարէն՝ անոնց յիշատակը կ’անարգէ: Հայութեան ջարդը իր պատմական հողերուն վրայ տեղի ունեցաւ, նոյնիսկ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք, պետական ծրագրումով եւ բծախնդիր գործադրումով: Եթէ Թուրքիոյ վարչապետը իր ցաւակցութիւնները կ’ուզէ յայտնել՝ նախ եւ առաջ ան պէտք է ընդունի, որ Հայկական Ցեղասպանութիւն իրագործուած է Թուրքիոյ կողմէ:

«Երկու ժողովուրդներուն միջեւ, հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ, իսկական հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն չի կրնար տեղի ունենալ, բացի եթէ Թուրքիա ընդունի իր ցեղասպան անցեալը, դատապարտէ, եւ հողային ու նիւթական հատուցումները
կատարէ հայ ժողովուրդին հանդէպ: Մնացեալը պարզ խօսքեր են, եւ Հայկական Ցեղասպանութեան Թուրքիոյ կողմէ ուրացման քաղաքականութեան շարունակութիւն», ըսաւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ եզրափակեց ըսելով՝ «այնքան ատեն, որ երկիր մը իր անցեալը չի վերանայիր, իր ոճիրը չի ճանչնար, եւ չի կրեր իր պատասխանատուութիւնը, միշտ հաւանական է, որ այս կամ այն ձեւով պիտի կրկնէ այդ ոճիրը: Ուստի, Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը, եւ հատուցումը՝ Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայութեան
համար ապահովութեան հարց է»:

#####