Դեկտեմբեր 20-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի հիւրընկալուեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ ՀՅԴ Բիւրոն ներկայացնող պատուիրակութեան կողմէ։
Հանդիպման ընթացքին, Արցախի եւ Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական զարգացումներու ծիրէն ներս արծարծուեցան Արցախի շրջափակման վերջ տալու, Արցախի պատմամշակութային ժառանգութիւնը ատրպէյճանական ոտնձգութիւններէ պաշտպանելու եւ Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու հարցերը։ Հայ Դատի յանձնախումբը յատկապէս շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ ցամաքային միակ մարդասիրական ճանապարհի փակումը Ատրպէյճանի կողմէ՝ նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան սկզբունքները կոպտօրէն խախտող նախաքայլ է Պաքուի կողմէ։
Տարածաշրջանի քաղաքական զարգացումներու քննարկման բովէն ներս, արծարծուեցան նաեւ հայ ռազմագերիներու հարցն ու Հարաւային Կովկասի մէջ գանատական առաջին դեսպանտունը Հայաստանի մէջ հիմնելու գծով Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տարուող աշխատանքները։