ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան՝ եւրոպական երկիրներ աշխատանքային այցին ծիրէն ներս՝ Նոյեմբեր 28-30-ին Պրիւքսէլի Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հանդիպումներ ունեցած է պատգամաւորներ, խորհրդարանին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու անդամներ Ֆրանսուա Ալֆոնսիի, Գոսդաս Մաւրիտեսի, Գլարա Բոնսադիի եւ Եուոզաս Օլէգասի հետ: Հանդիպումներ տեղի ունեցած են նաեւ Պելճիքայի թագաւորութեան Ծերակոյտին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներ Մարք Տեմեսմայգըրի եւ Ալեսիա Գլասի, ինչպէս նաեւ պաշտօնաթող նախարար, ներկայիս Պրիւքսէլի խորհրդարանի պատգամաւոր Ալտա Կրէոլիի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին Դաւիթ Իշխանեան բարձրացուցած է Արցախի եւ առհասարակ տարածաշրջանի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ 2020թ․ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքներուն հարցը: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը խօսած է Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարման եւ ցեղական զտումներու վտանգին մասին, առանձայատուկ կարեւոր համարելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անոր իրացումը: Իշխանեան անդրադարձած է նաեւ ազրպէյճանական զինուած ուժերու ներխուժման, մասնաւորապէս Սեպտեմբերի կէսին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ սանձազերծուած ռազմական յարձակման:
Դաւիթ Իշխանեան բարձր գնահատած է Արցախի հիմնախնդրին մասին բարձրաձայնելու պատգամաւորներուն ջանքերը՝ յատկապէս Եւրոխորհրդարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Ֆլասական, Վալոնական եւ Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարաններուն մէջ։ Իշխանեանը կարեւոր համարած է գործնական քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան իշխանութեան գործադիր մարմնին ուղղորդելու եւ ճնշում գործադրելու, ինչպէս նաեւ հակամարտող կողմերուն միջեւ հաւասարութիւն դնելու քաղաքականութեան վերջ տալուն ուղղութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան պատգամաւորը կարեւոր համարած է յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը ինչպէս համաեւրոպական մակարդակով, այնպէս ալ եւրոպական երկիրներուն մէջ խորհրդարանական ուժերուն հետ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանի այցը եզրափակուած է Պելճիքայի հայ համայնքի ներկայացուցչական մարմիններու անդամներուն հետ հանդիպումով։