Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպեցաւ Վանգուվըրի Լիբանանի պատուոյ հիւպատոսին հետ

Նոյեմբեր 29-ին, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Վահէ Անտոնեան հանդիպեցաւ Վանգուվըրի Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս տոքթ. Նիգ Քահվաճիի հետ։ Հանդիպման ընթացքին հիւպատոսը ներկայացուց Վիքթորիա քաղաքին մէջ հիւպատոսարանի նախաձեռնած նոր ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ 1888 թուականին լիբանանցիներու Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգ ներգաղթը խորհրդանշող յուշարձանի մը կառուցումը։ Հիւպատոսը լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունեցող Վանգուվըրի հայ համայնքին հրաւէր ուղղեց մասնակից դառնալու այս ծրագրին։

Վահէ Անտոնեան խոստացաւ հիւպատոսին առաջարկը փոխանցել հայ համայնքին, միաժամանակ հիւպատոսին ուշադրութեան յանձնելով Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը, յայտնելով, որ այդ գծով Հայաստանի եւ հայութեան աջակցութիւն ցուցաբերող յայտարարութիւն մը Պրիթիշ Գոլոմպիայի հայ համայնքի ակնկալութիւնն է։ Հիւպատոս Քահժէճի իր աջակցութիւնը հաստատելով խոստացաւ վերոնշեալ հարցով իրազեկ պահել Օթթաուայի մօտ Լիբանանի դեսպանն ու Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան գերատեսչութիւնը։