Մեր նախորդ թիւերով հաղորդած էինք, թէ Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցած հնամեայ քաղաքներու մասին համաշխարհային ժողովին մասնակցող Կորնթոսի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչը ատրպէյճանական պատուիրակութեան հետ ստորագրած էր գործակցութեան մտադրութիւն արտայայտող համաձայնագիր մը՝ Արցախի Շուշի քաղաքին կապակցութեամբ, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք անցաւ ատրպէյճանական ապօրինի գրաւումին տակ։
Անմիջական եղաւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի նամակը, ուղղուած քաղաքապետին, Պեղոպոնեզի նահանգապետին եւ քաղաքապետութիւններու կեդրոնական համադրող մարմինին, պահանջելով չեղեալ նկատել ստորագրուած փաստաթուղթը եւ կասեցնել գործակցութիւնը ցեղասպան Ատրպէյճանին հետ։
Կորնթոսի քաղաքապետ Վասիլիոս Նանոփուլոս անմիջապէս ընդառաջելով Հայ դատի յանձնախումբի դիմումին, պատասխան նամակով մը կու գայ յայտարարելու, թէ եղած քայլը ի զօրու չէ եւ չեղեալ կը նկատէ որեւէ համաձայնագիր Ատրպէյճանի հետ։ Ան կը խօսի հայ եւ յոյն անքակտելի կապերուն մասին, յայտնելով իր ամենաջերմ զգացումները հայ ժողովուրդին հանդէպ։
Ստորեւ քաղաքապետի նամակը
Կորնթոս, 18 Նոյեմբեր 2022
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի հայ դատի յանձնախումբին
Սիրելի յանձնախումբի անդամներ,
Ի պատասխան ձեր 16 Նոյեմբեր 2022 նամակին, կը խնդրեմ նկատի ունենալ հետեւեալները։
Ծանրաբեռնուած ըլլալով զանազան պարտականութիւններով, չկարողացայ ներկայ գտնուիլ Հարաւային Քորէայի մէջ կայացած պատմական քաղաքներու համաշխարհային ժողովին, ու այս պատճառով զիս ներկայացուց յատուկ գործակիցս, Պեղոպոնեզի համալսարանի դասախօս Եորղիոս Պաղաքիս։
Ժողովի ընթացքին, պ. Պաղաքիս բազմաթիւ այլ քաղաքաներու հետ եւս ստորագրեց գործակցութեան նախադրութեան համաձայնագիրներ, որոնց մէջ դժբախտաբար ներառնուեցաւ նաեւ Շուշի քաղաքը։ Ինչպէս դուք եւս կը նշէք, ստորագրուեցաւ մտադրութեան եւ ոչ՝ գործակցութեան համաձայնագիր։
Յայտնի է, որ գործակիցս, հակառակ իր համալսարանական դերին, անբաւարար տեղեկութեանց հետեւանքով ճիշդ չգնահատեց գործակցութեան նախադրութեան իմաստը Շուշի քաղաքին հետ։
Վստահօրէն ձեզ կը հաւաստիացնեմ, որ չեմ պատրաստուիր ստորագրել, կամ նոյնիսկ Կորնթոսի քաղաքապետական խորհուրդին առջեւ քննարկման դնել Շուշի քաղաքի հետ գործակցութեան պայմանագիրը:
Չեղեալ կը նկատեմ Շուշի քաղաքի հետ գործակցութեան պայմանագիրի մտադրութեան մասին ստորագրութիւնը։
Հայերու եւ յոյներու միջեւ կապերը միշտ եղած են անքակտելի եւ անձնապէս ամենաջերմ զգացումները կը տածեմ հայ ժողովուրդին հանդէպ։
Բարեկամական բարեւներով,
Վասիլիոս Նանոփուլոս
Քաղաքապետ
Նշենք, որ նամակը, ըստ կարգի, ղրկուած է նաեւ Պեղոպոնեզի նահանգապետին եւ Յունաստանի քաղաքապետութիւններու կեդրոնական մարմինին։