ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը` բուռն կերպով դատապարտելով Աքքարի Քուաշրա գիւղին մէջ «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նահատակներու» յիշատակին նուիրուած յուշարձանի կանգնեցումը` նշելով, որ այդ քայլը կ՛անտեսէ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն մասնաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանական տարածքին վրայ վերջին յարձակումները դատապարտող Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը:
Մարմինը յիշեցուց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն պահանջած էր ազատ արձակել բոլոր հայ պատերազմական գերիները, «որոնց շարքին` լիբանանցի Վիգէն Իւլճեքեանը, որ 10 նոյեմբեր 2020-ին ձերբակալուելէն ի վեր ամէն տեսակի չարչարանքի կ՛ենթարկուի, ինչ որ Ժընեւի հռչակագիրի յստակ ու կոպիտ խախտում է»:
«Մարդասպաններն ու ներխուժողները երբէ՞ն ի վեր մեծարման ու յարգանքի արժանի են, եւ արդեօ՞ք մարդասպանութիւնը, ոճիրը, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտումը յարգանքի արժանի են:
«Եթէ նպատակը նահատակներ մեծարելն է, ապա հարկ ու աւելի ճիշդ էր մեծարել 6 մայիսի նահատակները, որովհետեւ անոնք ազգային միասնականութեան խորհրդանիշ են եւ իսկական նահատականներ եւ ոչ թէ` օտարազգի մարդասպաններ», Եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը: