Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, ընդառաջելով Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի կոչին, յունահայութիւնը զանգուածային ներկայութեամբ Աթէնքի Սինտաղմա կեդրոնական հրապարակին վրայ եւ Թեսաղոնիկէի Սպիտակ Աշտարակին առջեւ, իր բողոքի ձայնը բարձրացուց Հայաստանի սահմաններուն վրայ սանձազերծուած ատրպէյճանական յարձակողականութեան դէմ, որ պատճառ դարձաւ հայ զինուորներու նահատակութեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ վիրաւորներու, տեղահանուածներու եւ ենթակառուցուածքներու մեծ վնասներու՝ սահմանամերձ տարածքներուն վրայ։ Յունահայութեան բողոքի հաւաքներուն ներկայ եղած հայրենակիցները բուռն դատապարտեցին Ատրպէյճանի կողմէ հայկական տարածքներու գրաւումը եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ կատարուած ոտնձգութիւնները։
Երէկ երեկոյեան, Յունաստանի խորհրդարանին առջեւ գտնուող Սինտաղմայի հրապարակը արդէն ողողուած էր հարիւրաւոր հայրենակիցներով, որոնց մէջ տիրական էր Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու անդամներու ներկայութիւնը։ Անոնք բարձրացուցած էին Եռագոյն դրօշակներ եւ պաստառներ, որոնց վրայ տեղ գտած էին Ատրպէյճանի անօրինական յարձակումները դատապարտող լոզունգներ։ Ժողովուրդին մէջ իսկ զգալի էին ընդվզումի ու զայրոյթի արտայայտութիւնները Հայաստանի դէմ գործուած ոճիրներուն համար։
Ելոյթին ներկայ եղան յոյն երեսփոխաններ, որոնք խօսք առին, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Խօսք առնողներէն զատ, որոնց կը ներկայացնենք ստորեւ, ներկայ էին նաեւ երեսփոխան Վասիլիոս Ղրամենոս, Նէա Զմիռնիի փոխքաղաքապետ Վակէլիս Խաչատուրեան, Հայ-յունական բարեկամութեան միութեան նախագահ Անտոնիս Փաւլիտիս եւ անդամներ, Յունաստանի կիպրացիներու միութեան ատենապետ Օմիրոս Փափասաւաս, Միացեալ Նահանգներու Ռեփուպլիքանական կուսակցութեան յունական բաժինի ատենապետ Ճոնաթան Քոնսթանտին, «Արտին» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը եւ հանրածանօթ ու սիրուած դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեան։
Հայկական կողմէ ներկայ էին Հայ կաթողիկէ համայնքի հովիւ Գերպ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեան, Հայ աւետարականան համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կառոյցներու ներկայացուցիչները, շրջաններու կոմիտէները, տեղական վարչութիւններու անդամներ։
Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի անունով բացումը կատարեց ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան կողմէ ուղերձ կարդաց ընկ. Սամուէլ Սամուէլեան, իսկ Միութեան կողմէ ընկ. Լոռի Գույումճեան ներկայացուց սահմաններուն վրայ կատարուած բոլոր իրադարձութիւնները եւ վերջին զարգացումները։ Խօսքերը պիտի հրատարակուին առանձին։
Յոյն պաշտօնական հիւրերուն կողմէ զօրակցական խօսքեր արտասանեցին երեսփոխաններ Տիմիթրիս Քերիտիս, Նէքթարիոս Պողտանոս եւ Նատիա Եաննաքոփուլու, Համապոնտական միութեան նախագահ Եորղոս Վարիթիմիատիս եւ Ասորական միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարաս։ Բոլոր խօսողները անդրադարձան Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումներուն եւ դատապարտեցին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու ապօրինի գրաւումը, միաժամանակ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի եւ Արցախի մարտնչող ժողովուրդին։
Բողոքի հաւաքը վերջ գտաւ հայկական եւ յունական ոգերգներով։ Նշենք, թէ հաւաքը ամբողջութեամբ սփռուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի Դիմատետրի էջով, որուն վրայ արդէն տեղադրուած է տեսանիւթը։