ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի կացութեան քննարկումէն առաջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Պրազիլի, Մեքսիքայի, Նորվեկիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իրլանտայի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Կապոնի ընդհանուր հիւպատոսին, Կանայի եւ Քենիոյ պատուոյ հիւպատոսներուն յղեց նամակներ, որոնց մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց`
«Պարզ ու յստակ կերպով դատապարտելու Հայաստանի գերիշխան տարածքին վրայ թուրք-ազրպէյճանական անարդարանալի յարձակումը, որ յստակօրէն ցոյց կու տայ խաղաղութեան ու կայունութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի յանձնառութեան պնդումներուն կեղծութիւնը: Նշանակալից է, որ այս յարձակումները այսպէս կոչուած «վիճելի տարածքներ»-ու վրայ չէին, այլ գերիշխան, ՄԱԿ-ի անդամ երկրի մը վրայ:
Իրողութիւն մը, որ շատ բան կ՛ըսէ Ազրպէյճանի բնոյթին ու մտադրութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերուն դիմագրաւած գոյութենական վտանգը:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղենք` զսպելու Ազրպէյճանի բռնատիրութիւնը, պահանջելու պատերազմական գերիներու ապահով ու արագ տունդարձը, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը` այդպիսով տէր կանգնելով միջազգային օրէնքին»:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նաեւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուին յղեց նամակ մը` գնահատելով ու ողջունելով Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Ազրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումին դատապարտումը եւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ իրերը իրենց անունով կոչելու քայլը: