Ապրիլ 21, 2014-ը տասնամեակն է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատագրող Գանատայի խորհրդարանի M-380 բանաձեւին: 2002-ի Յունիս 13-ին, Գանատայի Ծերակոյտը 44 թեր եւ 1 դէմ քուէարկութեամբ ճանչցած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը: 19 Ապրիլ 2006-ին, Գանատայի վարչապետ Սթիւվըն Հարփըր յատուկ հաղորդագրութեամբ մը ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Ստորեւ կը ներկայացնենք «Հորիզոն»ի 26 Ապրիլ, 2004-ի թիւին մէջ լոյս տեսած լրատուութիւնը:
ՕԹԹԱՈՒԱ «ՀՈՐԻԶՈՆ».- Աւելի քան 3 տասնամեակներու վրայ երկարող Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի յախուռն եւ հետեւողական աշխատանքին իբր արդիւնք՝ Ապրիլ 21-ի երեկոյեան ժամը 6:38-ին, Գանատայի խորհրդարանը 153 թեր եւ 68 դէմ քուէներով վաւերացուց Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատող M-380 բանաձեւը, որ կ՚ըսէ՝ «Գանատայի խորհրդարանը կը ճանչնայ 1915-ի Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ կը դատապարտէ արարքը, իբրեւ մարդկութեան դէմ գործադրուած ոճիր»:
Նշենք, որ բանաձեւը անցնող Փետրուարին, առաջին ընթերցումով խորհրդարանին մէջ քննարկուած էր: Բանաձեւը ներկայացուած էր Պլոգ Քեպէգուա կուսակցութեան անդամ տիկ. Մատլէն Տալֆոն Կիրալի կողմէ, իսկ երկրորդուած Սարգիս Ասատուրեանի (Ազատական), Ճէյսըն Քէնիի (Պահպանողական) եւ Ալեքսա Մքտոնայի (Նոր Դեմոկրատ):
ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԵՆ
Ապրիլ 20-ի առաւօտեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Արիս Պապիկան, Ռուբէն Գույումճեան եւ Փոլ Տուզճեան հանդիպեցան պահպանողական կուսակցութեան արտաքին հարցերու վարիչ Սթոքուէլ Տէյի հետ: Պրն. Տէյ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն յայտնեց, որ գանատական SNC Lavalin եւ Bombardier ընկերութիւններու գրասենեակները հեռաձայնային կապով խորհրդարանի անդամ պահպանողական երեսփոխաններուն խիստ մտահոգութիւն արտայայտած են M-380 բանաձեւին գծով, յայտնելով, որ բանաձեւին վաւերացումը կրնայ վնասել Գանատայի եւ Թուրքիոյ անմիջական տնտեսական շահերուն:
Նշենք, որ Bombardier Թուրքիոյ մէջ ունի երկաթուղագիծ կառուցելու պայմանագրութիւններ, իսկ SNC Lavalin անցեալին կառուցած է Անգարայի մեթրոն եւ ներկայիս ունի այլ տնտեսական պայմանագրութիւններ Թուրքիոյ հետ:
Պրն. Տէյ նշեալ ընկերութիւններէն անձնամբ ստանալով հեռաձայնային կապեր, անոնց պատասխանած է, որ այս քուէարկութիւնը սկզբունքի եւ խղճի հարց է եւ ոեւէ առնչութիւն չունի Գանատայի տնտեսական շահերուն հետ: Հանդիպման աւարտին, պրն. Տէյ իր ամբողջական զօրակցութիւնը վերահաստատեց թիւ 380 բանաձեւին:
Նոյն օրուան ընթացքին, Գանատայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը յատուկ նամակով մը դիմեց Գանատայի խորհրդարանի բոլոր անդամներուն, որպէսզի դէմ քուէարկեն Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին, որովհետեւ այդ քայլը կրնայ մեծ վնասներ հասցնել թուրք-գանատական տնտեսական եւ քաղաքական շահերուն: Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպան պրն. Արա Պապեան, իր կարգին խորհրդարանի անդամներուն ուղղուած նամակով մը հակազդեց թուրք դեսպանի նախաձեռնութեան:
Այս բոլորին զուգահեռ Գանատայի եւ ԱՄՆ-ի Թուրքերը շարունակեցին e-mail-ի խորհրդարանի անդամներուն ուղղուած իրենց արշաւը: Նոյնպէս, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի նախաձեռնած e-mail-ի արշաւը թափով շարունակուեցաւ, ուր http://hdtshop.com/hay/send.asp նոր կայքէջով աւելի դիւրացաւ նամակարշաւը: Մինչեւ Ապրիլ 21, երկու հանգրուանով, 5000 e-mail սփռուեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամներուն:
M-380 ԲԱՆԱՁԵՒԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԸ
Ապրիլ 20-ի երեկոյեան, երկրորդ ընթերցումով Գանատայի խորհրդարանի քննարկման սեղանին դրուեցաւ M-380 բանաձեւը, որ ներկայացուած էր տիկ. Մատլէն Տալֆոն Կիրալի կողմէ:
Քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցող տարբեր կուսակցութիւններու բոլոր երեսփոխանները Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ արտայայտուեցան, բացի երեսփոխան Մորիս Վելագոթէն, որ կը նկատուի Գանատայի խորհրդարանէն ներս Թուրքիոյ «խօսնակը»:
Նշենք, որ Ապրիլ 21-ի առաւօտեան, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Պիլ Կրահամ յատուկ ժողովի հրաւիրեց Օնթարիօ նահանգի Ազատական կուսակցութեան յանձնաժողովը (աւելի քան 90 հոգի), որպէսզի անոնց յատուկ յանձնարարականով մը թելադրէ թեր չքուէարկել բանաձեւին, որովհետեւ այդ մէկը կրնայ ժխտական անդրադարձ ունենալ թուրք-գանատական տնտեսական շահերուն վրայ:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ընկերները, բանաձեւի քննարկումէն առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ մտան Օնթարիոյի Ազատական երեսփոխաններուն հետ, անոնցմէ պահանջելով, որ չենթարկուին գանատական կառավարութեան կողմէ իրենց վրայ ի գործ դրուող ճնշումներուն:
Նշենք, որ Գանատայի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը երկու ընթերցումով եւ այսքան երկար քննարկումով կը ներկայացուէր:
ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԻԹՒՆԸ
Ապրիլ 21-ի առաւօտեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ լծուեցան աշխատանքի, շարունակելով երեսփոխաններու հետ հեւքոտ հանդիպումներու շարանը: Յանձնախումբին հետ սերտօրէն կը գործակցէր այժմ հանգստեան կոչուած Գանատայի Ծերակոյտի հայազգի անդամ՝ պրն. Ռէյմոնտ Սեթլաքուի, որ քաղաքական անձնական իր կապերուն միջոցով քուէարկութեան նախորդող օրերուն եւ նշանակուած օրը տարաւ պատկառելի աշխատանք:
Կէսօրէ ետք, գանատացի թուրքերու 150 հոգինոց խումբ մը ժամանեց խորհրդարան: Մինչ այդ խորհրդարան սկսան ժամանել դեսպան Արա Պապեան, Մոնթրէալի, Լաւալի եւ Թորոնթոյի ՀՅԴ կոմիտէներու եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու անդամները, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Առաջնորդ Սրբազան Խաժակ Արք. Յակոբեան, Առաջնորդ Սրբազան Բագրատ Արք. Գալստանեան, Օթթաուայէն հայրենակիցներ եւ այլ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ընդհանուր թիւով 150 հայեր:
Քուէարկութեան ընթացքին, հակառակ բոլոր տեսակի ճնշումներուն, իշխող Ազատական կուսակցութեան ներկայ երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը թեր քուէարկեց բանաձեւին: Ընդդիմութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը թեր քուէարկեց:
Յաղթանակը յուզումի եւ ցնծութեան մթնոլորտի մէջ դիմաւորւեցաւ հայ ներկաներուն կողմէ, որմէ ետք, Խորհրդարանի մուտքին «Յաւերժական հուր»ի հրապարակին մօտ երկու Առաջնորդ սրբազանները աղօթեցին Եղեռնի 1.5 միլիոն զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Նշենք, որ խորհրդարանի նիստը Գանատայի խորհրդարանի հեռատեսիլի կայանէն ամբողջութեամբ սփռուեցաւ ուղիղ եթերով:
Խորհրդարանի նիստի աւարտին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած էր ընդունելութիւն մը National Press Club-ի սրահին մէջ, որուն ներկայ եղան Հայ Դատի բարեկամ գանատացի երեսփոխաններ:
Canadian Press-ը եւ հեռատեսիլի կայաններ անմիջապէս անդրադարձան լուրին:
(Լուսանկարը՝ Մայք Թաշճեանի)