ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորական Նամակ Մը Յղեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան տօնին առիթով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիային յղեց շնորհաւորական նամակ մը, որուն մէջ նշեց, թէ ամերիկացի ժողովուրդը իր անկախութիւնը ձեռք ձգեց հիմնուելով ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ, որ հետագային դարձաւ մէկը Հելսինքեան վերջնական հռչակագիրի երեք սկզբունքներէն, որոնց հիմամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը փորձեն Արցախի հարցին խաղաղ եւ բանակցային լուծում մը գտնել:

Հայ դատի մարմինը յիշեցուց, որ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը եւս ամերիկացի ժողովուրդին նման ինքնորոշման իր իրաւունքը կիրարկած է, եւ ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափը վերաշխուժացնելու Միացեալ Նահանգներու ջանքը:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան տօնը նաեւ առիթ է անցնող մէկ տարուան գնահատականը կատարելու, եւ մատնանշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Հայոց ցեղասպանութեան իր պատմական ճանաչման 24 ապրիլ 2022-ին կատարած վերահաստատումը: «Տեղական առումով, ամէնէն նկատառելի զարգացումը 25 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրուան առիթով Ձեր խօսք արտասանելն էր. Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանի մը կողմէ աննախադէպ ու պատմական քայլ մը, եւ հաստատօրէն` անձնական օրինակով առաջնորդելու օրինակ մը:

«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի Լիբանանի մարմինը իր խոր գնահատականը կ՛արտայայտէ եւ կը յուսայ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրուան առիթով խօսքի արտասանումը Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններու համար պաշտօնական աւանդութեան կը վերածուի, ինչպէս նաեւ այլ դեսպաններու եւ դեսպանատուներու համար օրինակ կը դառնայ», եզրափակեց մարմինը:

Նշենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 1 յուլիսին Քանատայի Ազգային օրուան առիթով նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Շանթալ Շասթենէին յղած էր շնորհաւորական նամակ մը, որուն մէջ նշած էր, որ կը միանայ ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Քանատայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` Հայաստանի մէջ դեսպանատուն մը բանալու:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ 12 յունիսին ներկայ գտնուած էր Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան` Ռուսիոյ Ազգային տօնին առիթով կազմակերպած ընդունելութեան: