Հայկական բարձր ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ, 28 եւ 29 Մայիսին, Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ երկօրեայ գիտաժողով մը՝ նուիրուած Փոքր Ասիոյ աղէտի 100-րդ տարելիցին, որուն մասնակցեցան Յունաստանէն, Հայաստանէն եւ զանազան երկիրներէ ժամանած համալսարանական դասախօսներ եւ կաճառներու գիտաշխատողներ, որոնց կարգին էին Հայաստանի Ծեծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն տոքթ. Յարութիւն Մարութեան եւ աւագ գիտաշխատող տոքթ. Թեհմինէ Մարտոյեան։
Յոյն բարձրաստիճան հիւրերու կարգին, յունահայ գաղութին կողմէ գիտաժողովի աշխատանքներուն պաշտօնապէս հրաւիրուած էին Յունահայոց Թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, առաջնորդական փոխանորդ եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեան, Ալեքսանտրուպոլսոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Մարուքեան եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ ընկ. Ատրիկ Ատեփանեան։
Երկօրեայ գիտաժողովը կը կրէր «100 տարի Զմիւռնիա, հաւաքական յիշողութիւն, պատմական եւ հոգեբանական վերլուծում» խորագիրը եւ կազմակերպուած էր Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ գործող Միջազգային ընկերային-մանկավարժական ֆորումին կողմէ։
Գիտաժողովի աշխատանքներու առաջին օրը տոքթ. Յարութիւն Մարութեան ներկայացուց իր ներածականը նիւթ ունենալով՝ «Ցեղասպանութեան վէրքը ու անոր դիմագրաւման միջոցները Հայաստանի մէջ»։ Երկրորդ օրուան նիստին, տոքթ. Թեհմինէ Մարտոյեան ներկայացուց իր աշխատութիւնը նիւթ ունենալով՝«Հոգեբանական եւ մշակութային խոցում համայնքային իրերայաջորդ սերունդներուն եւ ընտանիքներուն վրայ. Վերապրողներու անձնական վկայութիւններ (1922)»։
Երկու հայ գիտաշխատողներու ներածականները ընդունուեցան բացառիկ հետաքրքրութեամբ իրենց կատարած վերլուծական խոր միտքերուն եւ գիտական պրպտումներուն առնչութեամբ։
Առաջին օրը՝ բացման ելոյթներու շարքին, հայկական կողմէն եւս արտասանուեցան ողջոյնի խօսքեր։ Այսպէս՝ բեմ հրաւիրուեցաւ թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արքեպիսկոպոս, որ հակիրճ պատմականը ընելով Զմիւռնիոյ հայութեան ու աղէտէն վերապրողներու հաստատման Յունաստանի մէջ, մասնաւորապէս յայտնեց՝ «Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրը, ինչպէս նաեւ Յոյներու ցեղասպանութիւնը, մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան դէմ գործուած չարագործութիւն մըն է, որ մինչեւ այսօր կը մնայ անպատիժ։ 100 տարի յետոյ, հայ ժողովուրդը դարձեալ ճաշակեց թրքական բարբարոսութիւնը՝ այս անգամ 2020-ին Արցախի վրայ շղթայազերծուած թուրքատրպէյճանական յարձակումով, որ իր ետին թողեց հազարաւոր զոհեր եւ հարիւրաւոր գերիներ, ապա նաեւ՝ խոր ցաւ մը մարդոց հոգիներուն մէջ։ Մենք, հայերս եւ յոյներս, որպէս ցեղասպանութեան զոհեր, պարտք ունինք վառ պահել պատմական յիշողութիւնը, մնալ զգօն, որպէսզի կանխուի նման ահաւոր ոճիրներու կրկնումը։ Մեր պարտքն է՝ անտաբեր չմնալ երբ մեր աչքերուն առջեւ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան հետեւողականօրէն լծուած են հայ մշակոյթի կոթողներու եւ հայկական ժառանգութան ոչնչացման։ Խօսքերը բաւարար չեն, կը պահանջուին յստակ եւ ազդու նախաձեռնութիւններ»։
Յաջորդաբար, Վ. Մարուքեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Օսմանեան թուրքերու վայրագութիւններուն մասին, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն, ապա ան նշում ըրաւ մերօրեայ թրքական յարձակողականութեան մասին Արցախի վրայ։ Ան նշեց որ հայ ժողովուրդը, շնորհիւ իր մշակած քաղաքակրթութեան, կարողացաւ վերապրիլ դարերու հալածանքներէն եւ շարունակել ստեղծագործել իր հայրենական օճախին վրայ։
«Ազատ օր»
07․06․2022թ․