ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորական Այցելութիւն Մը Տուաւ Քափուչինեան Միաբանութեան

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Ճօ Զուլիքեան եւ Եղիա Թաշճեան, Քափուչինեան միաբանութեան լիբանանցի անդամներ հայր Լէոնար Մըլքիի եւ հայր Թումա Սալեհի երանացման առիթով երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Պաապտեթի մէջ Քափուչինեան միաբանութեան «Սեն Անթուան տը Փատու» վանք, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քափուչինեան միաբանութեան ընդհանուր պետ հայր Ապտալլա Նուֆէյլիի հետ:

Պատուիրակութիւնը հայր Նուֆէյլին յայտնեց, որ քափուչինեան երկու հայրերու երանացումը ուրախութեան առիթ մըն է Լիբանանի ու լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ հայերուն համար` նկատի ունենալով, որ երանացուած հայրերը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերէն էին: Հայ դատի մարմինը նշեց, որ Հայ առաքելական եկեղեցին 2015-ին սրբադասեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը, յոյս յայտնելով, որ  քափուչինեան երկու երանացուած հայրերը շուտով սրբադասուելով կը միանան իրենց ճակատագրակիցներու շարքերուն:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երանացուած հայրերու կեանքին ու գործունէութեան, Ցեղասպանութենէն առաջ Արեւմտահայաստանի մէջ Քափուչինեան միաբանութեան գործունէութեան եւ հետագային անոր եկեղեցիներուն ու վանքերուն, հայկական պատմամշակութային կոթողներուն քանդման, ինչպէս նաեւ հայ-լիբանանեան եղբայրական յարաբերութիւններու պատմութեան:

Հայր Նուֆէյլի նաեւ խօսեցաւ Տէր Զօրի մէջ քափուչինեան հայրերու շրջանի հայութեան հետ սերտ յարաբերութեան մասին` նշելով, որ Տէր Զօրի մէջ իրենց եկեղեցին եւս Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին նման քանդուած է: Ան նաեւ խօսեցաւ Ալէի շրջանին մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած որբերու համար Քափուչինեան միաբանութեան հովանաւորած որբանոցին մասին` աւելցնելով, որ անիկա ծանօթ էր «Պէյթ Արման» (Հայերու տունը, «Ա.») անունով: Վարդապետը նշեց, որ նշեալ շէնքը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին քանդուած է:

Հայր Նուֆէյլի հանդիպումի ընթացքին նաեւ ըսաւ, փոխանցեց, որ ներկայիս աշխատանք կը տարուի Քափուչինեան միաբանութեան անդամ Զոհրապեան մականունով հայ հոգեւորականի մը երանացման համար:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը այս առիթով Լիբանանի մէջ Քափուչինեան միաբանութեան ընդհանուր պետին ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գործուող մշակութային ցեղասպանութեան հարցը: