Մեր աշակերտները հայ ժողովուրդի պատմութեան, Պահանջատիրութեան եւ հայ Դատին իրազեկ դարձնելու համար, Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Ազգային Միացեալ վարժարանի Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին։
Յանձնախումբի անդամ Աւօ Գույումճեան ներկայացուց Նեմեսիս գործունէութիւնը։ Ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ գործունէութեան փուլերուն մասին: Իսկ Կարօ Եղիայեան ներկայացուց Հայ Դատի գրասենեակներն ու անոնց մեծածաւալ աշխատանքը։
Զոյգ դասախօսութիւններուն աշակերտները հետեւեցան հետաքրքրութեամբ։
Աւարտին, Սուրիոյ Հայ Դատի Յնձխ.-ի խօսքը ուղղեց ատենապետ Ծերուն Գահուէճեան։Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին՝ իրենց առաջարկին ընդառաջելու համար, ապա անդրադարձաւ հայերէնի պահպանման ու ճշգրտութեամբ օգտագործման կարեւորութեան։
Գահուէճեան յիշեցուց, որ այսօրուան Թուրքիան նոյն ցեղասպան քաղաքականութիւնը կը վարէ, ուստի հարկ է զինուիլ դիւանագիտութեամբ, տիրութիւն ընել մեր ազգային արժէքներուն, իրաւունքներուն ու ծաղկեցնել մեր կեանքը իմաստութեամբ ու յառաջդիմութեամբ: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն զիրար սիրելու եւ մէկ բռունցք դառնալու, որպէսզի յաջող հայորդիներ դառնան ու հարստացնեն մեր ազգը իրենց գիտութեամբ եւ աշխատանքով: