ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Քրիս Ժապպուր, Քրիսթին Արզումանեան-Ղազարեան եւ Եղիա Թաշճեան, երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Մեքսիքայի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Խոզէ-Իկնասիօ Մատրազոյի հետ` ներկայութեամբ դեսպանատան առաջին քարտուղար Օսքար Քարվախալ Ակուիրէի:
Հայ դատի մարմինը դեսպանին ներկայացուց 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած կացութիւնը, մասնաւորաբար ազրպէյճանական կողմի Արցախի կազի մատակարարումը խափանելուն պատճառով կլիմայական վատ պայմաններու մէջ ստեղծուած մարդասիրական ծանր կացութիւնը: Հայ դատի մարմինը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ գործուող մշակութային ցեղասպանութեան եւ վերջերս Խրամորթի եւ Քարագլուխի շրջաններուն մէջ անոնց յառաջխաղացման նկատմամբ:
Դեսպան Մատրազօ իր կարգին անդրադարձաւ Մեքսիքայի մէջ հայ գաղութին` նշելով, որ համայնքը մեծ յարգանք կը վայելէ անոր ունեցած գործունէութեան շնորհիւ: Դեսպանը նաեւ խօսեցաւ Հայաստան-Մեքսիքա բարեկամութեան մասին եւ նաեւ յիշեցուց, որ Լիբանանի մէջ Լիբանան-Մեքսիքա խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբի նախագահը երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին է:
Հանդիպումի աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպանին յանձնեց նամակ մը, որուն մէջ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Արցախի մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ, եւ Ազրպէյճանի վարած հայատեաց քաղաքականութեան հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ Մեքսիքային կոչ կ՛ուղղէ` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հակահայ քայլերուն անմիջապէս վերջ տալու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեամբ խաղաղ բանակցութիւններու վերականգնման յարմար պայմաններ ստեղծելու համար պէտք եղած շօշափելի քայլերը առնելու:
Մեքսիքայի դեսպանը յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի նամակը պիտի ուղարկէ իր երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացուցչութեան: