ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքային յղեց նամակ մը` իր գնահատանքը արտայայտելով ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 49-րդ նստաշրջանի ընթացքին 31 մարտին «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւի որդեգրումին համար:
Բանաձեւը, որ աւանդաբար կը ներկայացուի Հայաստանի կողմէ, գնահատելով ներկայ վտանգներն ու մարտահրաւէրները, կը նախանշէ ցեղասպանութեան կանխարգիլման, ատոր ճանաչման, արդարութեան վերականգնման, փոխհատուցման, մեղաւորները պատժելու եւ հաշուետուութիւն ապահովելու համար այն քայլերը, որոնք պէտք է միասնականօրէն իրականացուին ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն կողմէ:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ նշեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կոչ ուղղէ` աջակցելու բանաձեւի որդեգրման:
aztagdaily.com