ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ «Յանուն Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ իսկական խաղաղութեան ու յարաբերութիւններու իսկական բնականոնացման» խորագիրը կրող հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Օգոստոս 2021-էն սկսեալ, կովկասեան քաղաքական բարձրաստիճան հանդիպումներուն հիմնական առանցքը սկսած է կազմել հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթի մը ձեւաւորումը, որ վերջին շաբաթներուն իր վրայ կեդրոնացուց միջազգային եւ շրջանային մամլոյ լուսարձակները, երբ մէկ կողմէ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնները սկսան բառացի կերպով ակնարկել այս իրողութեան, իսկ միւս կողմէ Հայաստան եւ Թուրքիա նշանակեցին այս հոլովոյթին իրենց ներկայացուցիչները:
«Հոլովոյթը նոր նշանակութիւն եւ թափ ստացաւ վերջին շաբաթներուն` մուտք գործելով շրջանային եւ միջազգային ռազմաքաղաքականութիւն, երբ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը յայտարարեց, թէ ինք Երեւանի հետ իր բանակցութիւնները պիտի համակարգէ Պաքուի հետ, եւ երբ Անգարա բանակցութիւններուն իբրեւ առանցք եւ նախապայման նկատի ունեցաւ Ազրպէյճանը Նախիջեւանին միացնող Սիւնիքի «միջանցքը» կարգաւորելու նպատակը, Արցախի հայկական պատմական եւ իրաւացի ինքնորոշման իրաւունքի հարցին փակումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ներկայ սահմանի ճանաչումը` իբրեւ հիմք ունենալով 1921-ին խորհրդային իշխանութիւններուն հետ ստորագրուած պայմանագիրները:
Նկատի ունենալով, որ այս հոլովոյթը վերջին օրերուն լայնածաւալ արձագանգ գտած է լիբանանեան քաղաքական շրջանակներուն, մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն մօտ, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կու գայ յայտարարելու, թէ կողմնակից է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կամ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, սակայն կ՛ուզէ հանրութեան ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ նկատառումները.
Վերջին 30 տարիներուն ընթացքին, Թուրքիա հանդիսացաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին հիմնական խոչընդոտը, երբ Անգարա 1993-ին փակեց Հայաստանի հետ իր ցամաքային եւ օդային սահմանները` իրողական շրջափակում հաստատելով Հայաստանի դէմ, անիկա կը շարունակէ ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը խափանէ Հայոց ցեղասպանութեան Թուրքիոյ մէջ ճանաչումը, ինչպէս նաեւ այդ մարդկութեան դէմ այդ ոճիրին շրջանային ու միջազգային ճանաչման հոլովոյթը եւ յատկապէս կը գլխաւորէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան եւ հայ ժողովուրդին ազատ ինքնորոշման իրաւունքին դէմ մղուած ազրպէյճանական զինուորական եւ դիւանագիտական արշաւը: Հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար, Անգարան պարտաւոր է առանց նախապայմանի վերատեսութեան ենթարկել տասնամեակներու իր այս քաղաքականութիւնը: Արցախեան հարցի բանակցային եւ խաղաղ ճամբով լուծումը մերժելով` Ազրպէյճանի կողքին պատերազմ շղթայազերծած, Սուրիա եւ Իրաք ներխուժած Թուրքիան խաղաղութեան զարգացման մասին կը խօսի, երբ ան եւ Ազրպէյճանն են շրջանային խաղաղութեան գլխաւոր սպառնալիքները: Ներկայ պայմաններուն մէջ ի՛նչ «խաղաղութեան» եւ ի՛նչ «բնականոնացման» մասին է խօսքը:
Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ձգտող հայ ժողովուրդը քաջ գիտէ, թէ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին հիմնական առանցքը կը կազմէ շրջանի բոլոր պետութիւններուն հետ բարի դրացիութեան սկզբունքներուն հաստատումը, որ ամբողջական եւ յարատեւ չի կրնար ըլլալ, երբ այդ յարաբերութիւններուն բնականոնացումը պահանջուած ու պարտադրուած կ՛ըլլայ արդարութեան եւ միջազգային օրէնքի խախտումով, ազգային եւ անհատական իրաւունքներու ոտնակոխումով, թաքուն ու բացայայտ նախապայմաններով եւ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան ոտնահարումով:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ, որ սատար հանդիսանան Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատման` իբրեւ հիմք ունենալով պաշտպանութիւնը շրջանի իրաւազրկուած բոլոր ազգերու իրաւունքներուն, որոնց հիմնական առանցքներէն մէկը հայ ժողովուրդի պահանջներուն արդարահատուցումն է»: