ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆին յղեց նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ 2014 թուականին Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած եւ խոշտանգուած` Տաւուշի մարզի Վերին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչ Մամիկոն Խոջոյեանի եւ Չինարի գիւղի բնակիչ Կարէն Պետրոսեանի գործերով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռին:
Դատարանը հաստատած էր, որ Պաքուն խախտած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի 2-րդ յօդուածը` կեանքի իրաւունքը, 3-րդ յօդուածը` չարչարանքի արգիլումը եւ 5-րդ յօդուածը` ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքը: Դատարանը նաեւ Ազրպէյճանին պարտադրած էր իւրաքանչիւր գործով 40 հազար եւրօ վճարել: Երկու հայ գերիները ազատ արձակուելէ կարճ ժամանակ ետք չարչարանքներու հետեւանքով իրենց մարմինին հասած վնասին պատճառով մահացած էին:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակը եզրափակելով նշեց. «ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կ՛ողջունէ այս վճիռը եւ զայն կը նկատէ արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ օրէնքի իշխանութեան յաղթանակին ուղղութեամբ ճիշդ քայլ մը»:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նոյնպիսի հաղորդագրութիւն մըն ալ յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն: