ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը չորեքշաբթի, 24 սեպտեմբերին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիային յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ քոնկրեսականներ Թոնի Քարտենասի, Էտըմ Շիֆի եւ Փրետ Շըրմընի ներկայացուցած ուղղումի որդեգրումը, որ Ազրպէյճանէն կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները, որոնք մարդկային իրաւանց միջազգային հռչակագիրներու խախտումով` ապօրինաբար բանտարկուած կը պահուին եւ չարչարանքներու կ՛ենթարկուին:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ որոշումով կոչ կ՛ուղղուի` մանրամասն հետաքննութեան ենթարկելու Ազրպէյճանի զինուորական յանցագործութիւնները, ինչպէս նաեւ 2020-ի աշնան յարձակումի ընթացքին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ օտար վարձկաններու օգտագործումը, «որուն վերաբերեալ բազմաթիւ տեսագրութիւններ գոյութիւն ունին»:
Որոշումը նաեւ կը պահանջէ հետաքննել թրքական անօդաչու թռչող սարքերու մէջ ամերիկեան արհեստագիտութեան օգտագործումը, ինչ որ կ՛ոտնահարէ արտածման ամերիկեան արտօնագիրները:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակը եզրափակեց նշելով. «Ասիկա իրապէս ճիշդ ուղղութեամբ բնական յառաջընթաց մըն է, որ համահունչ է ամերիկեան վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան, որուն առանցքը մարդկային իրաւունքներն են, ինչպէս ընտրապայքարի ընթացքին խոստացուած էր նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ եւ պաշտօնը ստանձնելէ ետք շօշափելի քայլերով վերընդգծուած»:
aztagdaily.com