Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով, Յունաստանի հանրապետութեան վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս նամակ ուղարկեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, որուն մէջ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայութեան, նշելով թէ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը հաւաքական եւ հետեւողական ոճիր մըն էր։
Ստորեւ կը ներկայացնենք վարչապետի նամակին հայերէն պատճէնը։
Ուղղուած՝
Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին
Աթէնք, 22 Ապրիլ 2021
Տիկնայք եւ պարոնայք, սիրելի բարեկամներ,
«Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը» իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող տարելից մըն է Յոյն եւ Հայ ժողովուրդներուն համար, որոնց կապերը կու գան դարերու խորերէն։ Բայց նաեւ՝ բարեկամութիւն մը, որ դարբնուած է դժուար պայմաններու տակ։
1915-ի ոճիրէն հարիւր վեց տարի ետք, մարդկութիւնը չի մոռնար ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջումը։ Հաւաքական եւ հետեւողական ոճիր մը, որ կազմակերպուեցաւ երբ ամբողջ երկրագունդի հայեացքը ուղղուած էր Առաջին Համաշխարհային պատերազմի խրամատներուն վրայ։
Այսօր, ուրեմն, ինչպէս ամէն 24 Ապրիլին, կը յարգենք անմեղ զոհերու յիշատակը, յայտնելով մեր հաւատարմութիւնը մարդկային կեանքի յարգանքին ու արժանապատուութեան սկզբունքներուն։ Որովհետեւ, միայն խաղաղ գոյակցութիւնն է, որ ազգերը դէպի յառաջ կ՚առաջնորդէ, տարբեր ըլլալու իրողութիւնը փոխակերպելով հասարակաց հարստութեան։
Ժամանակի գլորումին մէջ, Յունաստանը եւ Կովկասը միասին քալեցին դիցաբանութեան ու պատմութեան, քաղակակրթութեան ու աւանդութիւններուն ընդմէջէն։ Այս պատճառով ալ, մեր երկիրը նեցուկ կանգնեցաւ խոցուածներուն ու վիրաւորներուն՝ Հայաստանի վերջին փորձութեան ընթացքին։ Անմիջապէս ընդառաջեց մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու կոչին։ Այսօր, մեր երկիրը զօրավիգ կը կանգնի շրջանին մէջ ապահովութեան հաստատման գործընթացին, յենուած Միջազգային Արդարութեան կանոններուն վրայ։ Լուծում մը, որ պիտի յարգէ տեղացի ժողովուրդին իրաւունքները, հեռու՝ նոր ու անարդար արիւնահոսութենէ։
Նաեւ, Յունաստանը չի կրնար մոռնալ, որ 20-րդ դարու սկիզբին, Յոյները եւ Հայերը միասին ճաշակեցին ողբերգական պահեր, Պոնտացիներու եւ Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու ողբերգութեան ընդմէջէն։ Ճիշդ այդ պատճառով, նոյնիսկ դժուար պայմաններու տակ, մեր երկիրը առաջիններէն եղաւ, որ պատսպարեց հալածուած Հայերը եւ ճանչցաւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը։
Դարերու ընդմէջէն եկող հասարակաց երթը կը շարունակուի այսօր եւս՝ երկու երկիրներուն մէջ ապրող համայնքներու միջոցով։ Իրար միջեւ ամուր հաստատուած կամուրջներ, որ արգասաբեր կերպով կը մասնակցին երկու երկիրներու տնտեսական եւ ընկերային կեանքին, վերանորոգելով իրենց դարաւոր բարեկամութիւնը։
Կը փակեմ կրկնելով պատմական յիշողութեան պահպահման կարեւորութիւնը, մանաւանդ երբ մոռացութիւնը պատճառ կը դառնայ կրկնելու այն արարքները, որոնք իրենց մռայլ հետքը թողեցին պատմութեան վրայ։ Հետեւաբար, մեր զգօնութիւնը պէտք է դառնայ մնայուն։ Մեր խօսքերուն պէտք է ընկերանան այն գործողութիւնները, որոնք պիտի կարողանան կասեցնել խտրականութիւնը, ատելութիւնը եւ բռնութիւնը։ Հարիւր վեց տարի յետոյ, ուրեմն, կը յիշենք, կը մնանք զգօն եւ կը գործակցինք։
azator.gr