ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը շաբաթ օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին յղեց նամակ մը, որուն մէջ անոր կոչ ուղղեց` պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Լիբանանի Հայ դատի Մարմինը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու ամերիկացիները ընդհանրապէս իրենց բարոյական տոկունութիւնը ցոյց տուած են` օժանդակելով Ցեղասպանութենէն վերապրած ու անոր ականատես դարձած որբերուն ու տեղահանուածներուն` «պատուական աւանդ մը, որ նախկին վարչակազմերը կը թուին անտեսած ըլլալ»:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Պայտընին յիշեցուց 2020 թուականի ընտրապայքարի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օրուան առիթով անոր հրապարակած յայտարարութիւնը, «որուն մէջ դուք դիպուկ կերպով նշած էիք. «Մասնաւորաբար կարեւոր է այդ բառերը ըսել եւ ոգեկոչել այս պատմութիւնը այնպիսի պահուն, երբ առօրեայ կերպով մեզի կը յուշուի ճշմարտութեան ուժն ու մեր հասարակաց պատասխանատուութիւնը ընդդէմ ատելութեան, որովհետեւ լռութիւնը մեղսակցութիւն է»: Դժբախտաբար, նախկին վարչախումբերը իրենց ընտրական արշաւներուն ընթացքին խոստացած էին ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն միշտ ալ հրաժարած են այդ խոստումները կատարելէ, իրենց աւանդը աղարտելով իրենց մեղսակցութեամբ եւ քաջութեան բացակայութեամբ պաշտպանելու ճշմարտութիւնն ու բարոյական արժէքները, զորս դուք այժմ յայտարարած էք եւ որոնք վարչակազմին արտաքին քաղաքականութեան անկիւնաքարն են:
«Պարո՛ն նախագահ,
«Աշխարհատարած հայութիւնը անհամբեր կը սպասէ, որ խզէք մեղսակցութեան այս երկարատեւ գործելաոճը: Ուստի, ձեզի կոչ կ՛ուղղենք` հետեւելու Քոնկրեսի երկու պալատներու օրինակին եւ պաշտօնապէս ճանչնալու, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը իսկապէս ցեղասպանութիւն էր»:
aztagdaily.com