Հինգշաբթի, 3 Ապրիլ 2014-ին, Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան եւ Գանատայի Առաջնորդարանի Կառավարական Յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէն Յակոբ Արսլանեան Քեսապի հարցով Գանատայի խորհրդարանէն ներս շարք մը հանդիպումներ ունեցան, որոնց շարքին Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի խորհրդարանական քարտուղար երեսփոխան Paul Calandra-ի (նկարը) եւ պաշտօնական ընդդիմութեան Արտաքին Գործոց քննադատ`երեսփոխան Paul Dewar-ի հետ:
Գանատայի Խորհրդարանին մէջ հանդիպումներ կայացան նաեւ խորհրդարանականներ Hon. Peter Kent-PC, Eve Peclet-NDP, Hon. John McCallum-Lib., Hon. Lawrence MacAulay-Lib., Hon. Judy Sgro-Lib., Costas Menegakis-PC, Lois Brown-PC: Հանդիպումներու ընթացքին հանգամանօրէն քննարկուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին շարք մը կարեւոր քաղաքական նախաձեռնութիւններ: Բոլոր խորհրդարանականները անխտիր իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին ու մասնաւորաբար Գանատահայութիւնը:
Նոյն օրը, յետմիջօրէին, հայկական պատուիրակութիւնը ներկայացաւ Գանատայի խորհրդարանի Մարդկային Իրաւանց ենթայանձնաժողովի նիստին (Subcommittee on International Human Rights of the Standing Committee of Foreign Affairs and International Trade): Այս հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ Քեսապի հարցը: Պատուիրակութիւնը պահանջեց Գանատայէն անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել Քեսապահայութեան (Գանատայի $353 միլիոն տոլար նպաստի գումարէն, որ սահմանուած է Սուրիոյ տագնապէն տուժածներուն) եւ կառուցողական դիւանագիտութեամբ վերջ տալ Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն: Նիստի ընթացքին հարցերու պատասխանելուընթացքին, Ռուբէն Գույումճեան ըսաւ. «շատ յստակ է, որ Թուրքիան իր քաղաքական ներքին ճգնաժամէն շեղելու համար միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը վարժ է միշտ իր սահմաններէն դուրս լուծումներ գտնելու: Այս պարագային, Սուրիոյ հետ շինծու պատճառներով պատերազմ ստեղծել է: Հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս դիրախ կը դառնայ Թուրքիոյ լկտի քաղաքականութեան: Կը պահանջեմ, որ Գանատան զգաստութեան հրաւիրէ ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակից թուրքիան»:
Վերոնշեալ ենթայանձնաժողովին անդամ են երեփոխաններ Scott Reid, Wayne Marston, Irwin Cotler, Nina Grewal, Ralph Gary Schellenberger, Tyron Benskin, David Sweet.