Կիրակի 21 Փետրուար 2021 երեկոյեան սկիզբ առաւ Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Կազմակերպած HAYTADOLOGY II. Հայկական Ժամանակակից Հարցերու նուիրուած Խտացեալ Դասընթացքը՝ առցանց Zoom հարթակի վրայ:
Չորս օրերու վրայ երկարող դասընթացքին մասնակցութիւն կը բերեն Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ սոյն թեմայով հետաքրքուած աւելի քան 80 երիտասարրդներ: Դասընթացքի պաշտօնական բացման նիստին ելոյթ ունեցան Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդր. Գրասենեակի Նախագահ Կիրօ Մանոյեանն ու Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչ Գէորգ Յակոբճեանը, որոնք ներկայացուցին դասընթացքին կարեւորութիւնը համազգային ճգմաժամի այս օրերուն ու անոր հետապնդած նպատակները: Դասընթացքը կը նպատակադրէ Եւրոպայի մէջ ապրող երիտասարդներուն վերջին ամիսներու հայկական իրադարձութիւններուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն մասին համապատասխան գիտելիքներով օժտել ու զանոնք Եւրոպայի մէջ հանրայնացնելու եւ ի նպաս հայութեան, Հայաստանի ու Արցախի աշխատանք տանելու հմտութիւններն ու գործընթացները զարգացնել:
Դասընթացը սկիզբ առաւ Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ Յայտարարութեան նուիրուած նիստով: Նիստի ընթացքին յայտարարութեան 9 կետերը մանրամասն քննարկումի եւ վերլուծութեան ենթարկուեցաւ իրաւական, քաղաքական ու ընկերահոգեբանական դիտանկիւններէ առնուած: Յայտարարութեան իրաւական ուժին եւ հետեւանքներուն մասին զեկուցեց իրաւաբան Ռուբեն Մելիքեանը, անոր քաղաքական հետեւանքներուն մասին անդրադարձաւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ, նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեանը, իսկ ընկերահոգեբանական հետեւանքներուն մասին՝ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ, ազգային ժողովի նախկին անդամ Լիլիթ Գալուստեան: Բոլոր զեկուցաբերները շեշտեցին յայտարարութեան ունեցած կործանարար ազդեցութիւնն ու հետեւանքները, Հայաստանի ինքիշխանութեան եւ հայ ժողովուրդի ազգային անվտանգութեան տեսակետէն:
Երկրորդ նիստը հետեւեալ խորագիրը ունէր՝ «Տարածաշրջանային Վերջին Զարգացումներուն Լոյսին Տակ Հայաստան-Ազրպէյճան, Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններ»: Նիւթը հանգամանօրէն ներկայացուց քաղաքագէտ, լրագրող, Միջազգային Յարաբերութիւններու Դոկտոր Աբրահամ Գասպարեանը, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հոլովոյթը տարածաշրջանային զարգացումներու լոյսին տակ: Անդրադարձ կատրուեցաւ նաեւ սահմաններու բացման, ճանապարհներու ապաշրջափակման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ վերսկսելու հաւանականութիւններուն ու անոնց հետեւանքներուն մասին:
Յաջորդ օրերու մանրամասնութիւններուն մասին պիտի փոխանցուի օրը օրին եւ դասընթացքի աւարտին համապարփակ զեկոյց ներկայացուի:
Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ