ՊՐԻՒՔՍԷԼ (4 Ապրիլ 2014) – Մարտ 27-էն Մարտ 31, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի գլխաւորութեամբ եռանդամ պատուիրակութիւն մը Վանի մէջ որպէս դիտորդ մասնակցեցաւ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանը եւ Հայ Դատի Պելճիքայի յանձնախումբի ատենապետ Պետիկ Պետրոսեանը։ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը որպէս դիտորդ մասնակցութեան հրաւէր ստացած էր Թուրքիոյ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (BDP) Եւրոպայի ներկայացուցչութենէն։
Դիտորդական պատուիրակութիւններ կային նաեւ Ֆրանսայէն, Իտալիայէն եւ Գերմանիայէն։
Ընտրութեան նախօրէին, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի պատուիրակութիւնը Վանի մէջ այցելեց պետական, ընտրական եւ կուսակցական կեդրոններ, հանդիպումներ ունեցաւ թեկնածուներու եւ հասարական կազմակերպութիւններու հետ, մասնակցեցաւ ընտրական հաւաքներու։ Ընտրութեան օրը՝ Մարտ 30-ին, պատուիրակութիւնը ամբողջ օրը շրջեցաւ տարբեր ընտրատեղամասեր եւ ականատես եղաւ ընտրութիւններու ընթացքին։
Մարտ 31-ին, պատուիրակութիւնը հրապարակեց իր եզրակացութիւնը, որ պիտի տրամադրուի նաեւ եւրոպական համապատասխան կազմակերպութիւններու։ Եզրակացութեան մէջ յատուկ նշում կ՚ըլլայ իշխող AKP կուսակցութեան, գործակատարներուն եւ ընտրական յանձնաժողովներու պատասախանատուներուն կողմէ կատարուած լուրջ օրինական խախտումներուն մասին: Վան քաղաքի ինչպէս նաեւ նահանգի 13 շրջաններէն 11-ին մէջ ընտրուեցան BDP կուսակցութեան կողմէ պաշտպանուած թեկնածուները:
Գասպար Կարապետեանը գործուղման աւարտին ըսաւ. «Պատմական այցելութիւն էր այս, որովհետեւ ոչ միայն կը գտնուէինք մեր պատմական հողերուն վրայ, այլ նաեւ՝ այդ մասին կը խօսէինք այնտեղ ապրող ժողովուրդին, ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն հետ։ Շատ ջերմ էր ընդհանրապէս ժողովուրդին եւ յատկապէս՝ մեր հիւրընկալ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան վերաբերմունքը մեր նկատմամբ։ Ես եւ պատուիրակութեան անդամ իմ գործընկերներս իսկապէս անմոռանալի օրեր ապրեցանք եւ կը մաղթենք, որ այս եւ նման գործընթացներ շարունակուին, ծաւալուին եւ նոր զարգացումներ ունենան»։
Հայ Դատի պատուիրակութիւնը այցելեց Ախթամար կղզի եւ Ս. Խաչ եկեղեցի։
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Պրիւքսէլ, 4 Ապրիլ 2014