Երկուշաբթի 19 Մայիսի երեկոյեան ժամերուն, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի կեդրոնատեղիէն ներս, հանդիպում տեղի ունեցաւ Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան եւրոերեսփոխանուհի եւ դարձեալ եւրոընտրութիւններու թեկնածու՝ տիկին Ռոտի Քրացայի հետ:
Հ.Յ.Դ. Յանձնախումբի պատուիրակութիւնը կը բաղկանար ընկերներ Դաւիթ Պետրոսեանէ եւ Յակոբ Աւագեանէ:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին տիկին Քրացա տեղեակ պահեց յանձնախումբի անդամները, որպէս եւրոխորհրդարանի անդամ իր ստանձնած նախաձեռնութիւններու եւ գործունէութեան մասին:
Երկրորդ հանդիպում մըն ալ կայացաւ ԱՆ.ԵԼ («Անկախ յոյներ», Ανεξάρτητοι Έλληνες) կուսակցութեան եւրոընտրութիւններու թեկնածու պատմագէտ, պաշտպանութեան հարցերու վերլուծաբան Սթաւրոս Քարքալեցիսի հետ: Պրն. Քարքալեցիս միշտ զօրաւոր դիրքերէ հանդէս եկած է կիպրական եւ յունական պահանջատիրական հարցերու նկատմամբ: Ան քաջ տեղեակ է հայկական հարցերու հոլովոյթի եւ արդար պահանջատիրութեան հարցերուն շուրջ: Յունաստանի եւրոպական եւ միջազգային վերլուծաբանական կեդրոնի (ԷԼ.ՔԷ.ՏԱ) նախագահն է եւ կÿաշխատակցի յունական defencenet կայքէջի եւ «Սթրաթիղիքի» ամսագրի:
Հ.Յ.Դ. Յանձնախումբի ընկերները երկու թեկնածուներուն հետ իրենց զրոյցներուն ընթացքին լայն տեղեկութիւններ փոխանցեցին հայութիւնը եւ յունահայ գաղութը յուզող հարցերուն շուրջ: