(ԱՍՊԱՐԵԶ) Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը երկու տարին անգամ մը հանգանակային արշաւի մը կը ձեռնարկէ՝ հեռատեսիլային հանգանակութեան ձեւով:
Այս տարի այդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 1ին: Ծրագիրը պիտի հեռասփռուի Ամերիկայի տարածքով, տարբեր ալիքներով, որոնք ներկայացուած են թերթիս մէջ լոյս տեսնող ծանուցումներուն ընդմէջէն:
Կազմակերպող յանձնախումբը, շաբաթներէ ի վեր, տարբեր բարերարներու եւ գործիչներու բնակարաններէն ներս կը կատարէ նախապատրաստական հանգանակութիւններ, որոնց արդիւնքը պիտի յայտարարուի Յունիս 1ի ծրագիրէն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնատեղիէն ղեկավարուող եւ շրջանային յանձնախումբերու համակարգուած աշխատանքի արդիւնք այս հանգանակութենէն կ՛ապահովուի Հայ Դատի քարոզչական, դաստիարակչական, երիտասարդ գործիչներու վարժանքներու, յարաբերական աշխատանքներու հիմնական միջոցները, նաեւ՝ հիմքեր կը ստեղծուին մեկնարկելու նոր ծրագիրներ:
Հայ Դատի յանձնախումբը, անշուշտ, իր հանգանակած միջոցներուն ընձեռած հնարաւորութիւններէն շա՛տ աւելին կ՛իրականացնէ՝ շնորհիւ այն հարիւրաւոր կամաւորներուն, որոնք համախմբուած են իրեն շուրջ եւ որոնց նուիրաբերումն ու զոհաբերութիւնը նիւթական արժէքներով կարելի չէ գնահատել:
Այսուհանդերձ, յանձնախումբը իր առջեւը դրած է այնպիսի խոշոր խնդիր մը, որուն լուծման համար միջոցները միշտ ալ անբաւարար պիտի ըլլան: Արդարեւ, աշխարհի գերպետութեան մայրաքաղաքէն սկսեալ, մինչեւ անոր նահանգային կեդրոնները հայութեան ձայնը լսելի դարձնելու, հայութեան խօսքի կշիռը ծանրացնելու, մեր հաւաքական իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու, քաղաքական շրջանակները մեր պահանջներուն մասին իրազեկելու գործը անսահման միջոցներ կը պահանջէ:
Վերջին շրջանին, այս բոլորին վրայ աւելցած է նաեւ Ամերիկայի մէջ օրէ օր աւելի կազմակերպուող թրքական եւ ատրպէյճանական համայնքներուն կողմէ հակահայ սուտ քարոզչութիւնը չէզոքացնելու պարտաւորութիւնը, որ, ուզենք թէ չուզենք, կարեւոր միջոցներ կը խլէ Հայ Դատէն ու զայն կը ներքաշէ սպառիչ մրցավազքի մը մէջ:
Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի հզօրանայ: Ուրիշ տարբերակ չկա՛յ: Պիտի հզօրացնենք զայն միասին, ե՛ս, դո՛ւն, մե՛նք՝ բոլորս: Պիտի հզօրացնենք՝ մեր ամէնօրեայ ճիգերով, նուիրաբերումով, առանց նոյնիսկ սպասելու այս երկամեայ արշաւներուն ու հանգանակութեան:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
21/05/2014