Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ, երէկ Երկուշաբթի 19 Մայիսին, Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմայի հրապարակի «Անծանօթ Զինուորի» յուշադամբանին առջեւ, տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն եւ դափնեպսակներու զետեղում:
Օրուայ կեդրոնական բանախօսն էր Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինսթիթութի տնօրէն, պատմաբան դոկտ. Հայկ Դեմոյեանը, որ նշեց թէ Հայերու, Յոյներու եւ Ասորիներու ցեղասպանութեանց միասնական յիշատակումները, սգալու անհրաժեշտութենէն չեն բխիր, այլ կարեւոր են՝ ապագայի ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու եւ երկիրներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու առումով:
Դափնեպսակներ զետեղեցին ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան, ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Դաւիթ Պետրոսեան: Ներկայ էր նաեւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ պաստառներով եւ Եռագոյն դրօշակներով միացաւ ցուցարարներուն: