Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներու ներկայութիւններ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան նուիրուած ելոյթներուն

ԴԱՓՆԵՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ԶԵՏԵՂՈՒՄՆԵՐ

Անցեալ շաբաթավերջին Յունաստանի տարածքին տեղի ունեցան Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկներ:

Աթէնքի «Այիոս Տիոնիսիոս Արէոբաղիթիս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հոգեհանգիստի աւարտին, խօսք ուղղեց փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս, խօսելով պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին: Ան յատկանշականօրէն իր խօսքը սկսաւ «մի ընդունիք «փոքրամասնութիւն» բնորոշումը: Մեր ազգերը բնիկներ էին, որոնք հալածուեցան, ջարդուեցան, եւ հեռու քշուեցան իրենց պապենական հողերէն» ըսաւ ան, որ շարունակեց իր խօսքը սուր եւ քննադատական խօսք ուղղելով յունական պատկան մարմիններուն, պահանջելով պատշաճ կերպով վերաբերիլ յոյներու անցեալի պատմական յուշին հանդէպ:
Ելոյթին յաջորդեց քայլարշաւ եւ դափնեպսակներու զետեղում Սինտաղմայի «Անծանօթ Զինուորի» յուշադամբանին առջեւ, ուր պաշտօնական հիւրերու կարգին էր ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Դաւիթ Պետրոսեան, որ ծաղկեպսակ զետեղեց:
Մէկ այլ ձեռնարկ տեղի ունեցաւ Նէա Զմիռնիի եւ Այիոս Տիմիթրիոսի «Սեւ Ծով» պոնտական միութեան կազմակերպութեամբ, ուր ներկայ գտնուեցան Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Սթավրոս Ծուլաքիս, փոխ քաղաքապետներ եւ քաղաքապետական ընտրութիւններու թեկնածուներ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անունով ընկ. Յակոբ Աւագեան, որ պաշտօնական հիւրերու կողքին դափնեպսակ զետեղեց «Էնու» հրապարակին վրայ կառուցուած Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին առջեւ:

Նոյնպէս, Քաթերինիի կեդրոնական հրապարակին վրայ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ ընկ. Պետրոս Հալաճեան: Ձեռնարկի դասախօսն էր փրոֆ. Նիքոս Լիղերոս, որ զինք յատկանշող կրքոտ ոճով խօսք ուղղեց ներկաներուն: