Շաբաթ 10 Մայիսի կէսօրին, Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան գրասենեակներէն ներս, կայացաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի հանդիպումը եւրոերեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու Եորղոս Անեսթիսի հետ։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւնը կը բաղկանար ընկերներ Յակոբ Աւագեանէ եւ Թալին Մարտիկեանէ։ Ընդհանուր զրոյց մը տեղի ունեցաւ՝ մօտ օրէն կայանալիք եւրոընտրութիւններուն վերաբերող հարցերու, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի եւ հայութեան պահանջներու ու յունահայ գաղութի հարցերու մասին։
Նկար՝ Թալին Մարտիկեան, Եորղոս Անեսթիս, Յակոբ Աւագեան